Այնճարի Մէջ. Գնահատանքի Հանդիպում` Նուիրուած ՀՄԸՄ Այնճարի Շեփորախումբին

0707hmem-aztagԵրէկ` երկուշաբթի, 7 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, յատուկ հանդիսութեամբ մը ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբը իր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբի ղեկավար եւ խմբավար Պօղոս Քենտիրճեանին:

Յանձնախումբին անունով դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան բարձր գնահատեց մասնաճիւղի շեփորախումբին ազգանուէր աշխատանքը անցնող տարիներուն ընթացքին` մաղթելով այդ աշխատանքին յարատեւութիւն:

0707hmem-aztag-1ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով Յակոբ Այնթապլեան գնահատելով շեփորախումբի աշխատանքները յայտնեց, որ կոմիտէն միշտ զօրավիգ պիտի մնայ շեփորախումբին` նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Ան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց խմբավար  Պօղոս Քենտիրճեանին` անոր երկար տարիներու ծառայութեան համար:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ շեփորախումբը ճաշի հիւրը եղաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին:

Share this Article
CATEGORIES