Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Բուռն Բախումներ Հալէպի Տարբեր Շրջաններուն Մէջ

Հալէպի Շէյխ Նաժժար շրջանը

Հալէպի Շէյխ Նաժժար շրջանը

Ըստ «Բերիոյ Նիուզ»-ի, Հալէպի տարբեր ճակատներուն վրայ բախումները կը շարունակուին:

Սուրիական բանակը վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին յառաջխաղացք արձանագրեց Հալէպ քաղաքի եւ շրջակայքի կարգ մը գիւղերուն մէջ:

Սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ:

Հալէպի մէջ մարտերը կ’ընթանան Շըղէյեֆ, Թել Շհիր, Պապիս, Շէյխ Սայիտ, Հրէյթան, Հանանօ, Քաֆար Տաէլ, Տարեթ Ըզզեթ, Տէր Ժամալ, Հետարիյէ, Քաֆար Համրա, Խան Ասալ, Հոլլուք, Ֆերտուս, Ռաշիտին եւ այլ շրջաններու մէջ:

Մարտեր կ’ընթանան նաեւ Զըրպէ, Քաֆար Նահա, Քէշիշ, Հրէյթան, Պայանուն եւ Մարեհ գիւղերուն մէջ:

Սուրիական զօրքը կասեցուց ահաբեկչական խմբաւորումներու Հին Հալէպէն դէպի Հալէպ քաղաքի Ալմաշրֆիյէ ներս թափանցումը:

Իսկ Հալէպ քաղաքը, մանաւանդ հայահոծ շրջանները թէեւ ծանր դէպքեր չեն արձանագրուիր, սակայն այնտեղ անդադար կը լսուին շրջակայքի ռմբակոծութիւններուն ահաւոր ձայները:

Միւս կողմէ, սուրիական բանակը քանի մը օր առաջ իր հսկողութեան տակ վերցուց Շէյխ Նաժժար շրջանը, որ գործարանային շրջան կը նկատուի եւ մեծ նշանակութիւն ունի Հալէպի ճարտարարուեստին համար:

Պէտք է ընդգծել, թէ Շէյխ Նաժժար շրջանին մէջ գոյութիւն ունէին նաեւ բազմաթիւ հայերու մեծ գործարաններ:

Դամասկոսի Արեւելեան Շրջանը`
Բախումներու Բեմ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ անցնող երկու շաբաթներուն մայրաքաղաքի արեւելեան շրջանը մերթ ընդ մերթ բեմ դարձած էր բախումներու, որոնց ընթացքին սուրիական բանակի զինուած ուժերու միաւորներ եւ ինքնաթիռներ կը ռմբակոծէին զինեալներու կեդրոններ, մանաւանդ Ժոպար արուարձանին մէջ, որ զանազան բնակելի թաղամասերու վրայ հրթիռարձակման յենակէտ կը հանդիսանայ մինչեւ օրս:

Կարելի է հաստատել, որ մայրաքաղաքը աւելի հանգիստ կը թուի անցնող քանի մը օրերուն, ուր կտրուկ նուազած են հրթիռներու հարուածները: Սակայն կը մնան ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարման խնդիրները, որոնք ելեկտրակայաններու վրայ իրականացուած ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանք են` սուրիական պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն:

 

Share this Article
CATEGORIES