Փութին. «Ռուսիան Այս Կիսամեակին 5.6 Միլիառ Տոլարի Զէնք Վաճառած Է»

Վլատիմիր Փութին

Վլատիմիր Փութին

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այլ պետութիւններու հետ Ռուսիոյ սպառազինական համագործակցութեան հարցերով յանձնախումբի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա 2014-ի առաջին վեց ամսուան ընթացքին վաճառած է 5.6 միլիառ տոլարի զէնք եւ սպառազինութիւն, իսկ արտածուող սպառազինութիւններու պատուէրներուն թղթածրարը մեծցած է մինչեւ 50 միլիառ տոլար:

2013-ի արդիւնքներով Ռուսիան վաճառած է 15.7 միլիառ տոլարի զէնք եւ սպառազինութիւն: 2014-ի սկզբնաւորութեան արտածուած սպառազինութիւններու պատուէրներուն ընդհանուր գումարը կազմած է 35 միլիառ տոլարէն աւելի:

«Նշեմ, որ ընթացիկ տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին արտասահման ռուսական զէնքի մատակարարման ծաւալը կազմած է 5.6 միլիառ տոլար` շատ ազդեցիկ եւ ամուր թիւ, իսկ արտասահմանեան պատուէրներու ընդհանուր գումարը գրեթէ աճած է մինչեւ 50 միլիառ տոլար», ըսած է Փութին:

Share this Article
CATEGORIES