Ուքրանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հետախուզէ Թիմոշենքոն Բանտարկութեան Դատապարտած Դատաւորը

Ռոտիոն Քիրէեւ

Ռոտիոն Քիրէեւ

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հետախուզութիւն յայտարարած է դատաւոր Ռոտիոն Քիրէեւի նկատմամբ, որ դատավճիռ կայացուցած էր նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքոյի դէմ`  «կազի գործ»-ին վերաբերեալ:

Նախապէս` յունիսի վերջաւորութեան, տեղական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Ուքրանիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը Քիրէեւի նկատմամբ հետախուզութեան սկսած է: Վերահսկիչ մարմինին տուեալներով` դատաւորը ապօրինի վճիռ կայացուցած է մեղադրեալ Եուլիա Թիմոշենքոյի խափանման միջոցը երկրէն դուրս չգալու մասին ստորագրութենէն կալանքի փոխելու դիտաւորութեամբ, պարբերաբար եւ կոպիտ կերպով խախտած է Ուքրանիոյ գործող օրէնսդրութեամբ նախատեսուած Թիմոշենքոյի պաշտպանութեան իրաւունքը եւ Թիմոշենքոյի գործով անօրինական դատավճիռ կայացուցած է:

2011-ին, Թիմոշենքոն դատապարտուած է 7 տարուան բանտարկութեան` 2009-ին Ռուսիոյ հետ կազի վերաբերեալ համաձայնագիրներ ստորագրելու ընթացքին իր լիազօրութիւնները չարաշահելուն համար:

Այժմ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Քիրէեւի հետախուզումը կը կատարուի 2 յուլիսէն սկսեալ` այն պատճառով, որ ան կը պահուըտի դատախազութենէն:

 

Share this Article
CATEGORIES