Ամերիկեան Ուժանիւթի Ընկերութիւնը Շուրջ 1.2 Միլիառ Տոլար Կը Ներդնէ Իրանի Մէջ
Ամերիկեան «Ուըրլտ Էքօ Էնըրճի» ընկերութիւնը, որուն գրասենեակը տեղակայուած է Քալիֆորնիոյ մէջ, նախնական համաձայնագիր ստորագրած է Իրանի մէջ կարծր կենցաղային թափօններէն ելեկտրականութիւն արտադրելու համար 1.175 միլիառ տոլար ներդնելու մասին:
«ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով ԱՖՓ-ի, կը հաղորդէ, որ իրանական-ամերիկեան միացեալ նախագիծի շրջանակներուն մէջ քալիֆորնիական ընկերութիւնը պիտի կառուցէ ձեռնարկութիւն մը, որ ելեկտրականութիւն պիտի արտադրէ թափօնները այրելու, աղի ու կեղտաջուրերու վերամշակման միջոցով:
Աշխատանքներուն սկիզբը նախատեսուած է սեպտեմբեր 2014-ին:
«Ուորլտ Էքօ Էնըրճի» ընկերութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ արտադրութիւնը տեղակայուած պիտի ըլլայ Իրանի հարաւ-արեւելքը եւ պիտի ստեղծուի 600-700 աշխատատեղ, որոնց 80 առ հարիւրը պիտի յատկացուի տեղւոյն բնակչութեան:

