Ուքրանիան Մտադիր Է Փակել Խրիմի Նաւահանգիստները` Միջազգային Նաւագնացութեան Դիմաց
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` յղում կատարելով ենթակառոյցներու ուքրանական նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Ուքրանիան մտադիր է միջազգային նաւագնացութեան դիմաց փակել Խրիմի տարածքին մէջ գտնուող նաւահանգիստները:
Ինչպէս յայտնած են նախարարութեան մէջ` «24 յունիսին արդարադատութեան նախարարութեան մէջ արձանագրուած «Նաւահանգիստները փակելու մասին» 16 յունիսի համապատասխան հրամանը ուժի մէջ պիտի մտնէ պաշտօնապէս հրապարակուելէն ետք»:
Հրամանը պիտի վերաբերի Եւփաթորիոյ, Քերչի, Սեւասթոփոլի, Թէոդոսիոյ եւ Եալթայի մէջ գտնուող նաւահանգիստներուն:
Ուքրանիան մայիսին յայտնած էր Միջազգային ծովային կազմակերպութեան, որ կը պատրաստուի Խրիմի նաւահանգիստները փակելու մասին որոշում որդեգրելու:
CATEGORIES Միջազգային

