Մետվետեւ Սպառնացած Է Ուքրանիոյ Եւ Վրաստանին

Տմիթրի Մետվետեւ

Տմիթրի Մետվետեւ

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ եթէ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի խորհրդարանները եւս Մոլտովայի խորհրդարանին նման վաւերացնեն Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, այդ երկիրներուն հետ առեւտուրին մէջ կրնան ընդունուիլ նմանատիպ պաշտպանական միջոցառումներ:

«Բնական է, որ եթէ նոյն ճամբով զարգանան իրադարձութիւնները ե՛ւ Ուքրանիոյ, ե՛ւ Վրաստանի մէջ, ձեռք առնուող միջոցները պիտի ըլլան նմանատիպ, սակայն, ի հարկէ, հաշուի առնելով առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու ծաւալը եւ ռուսական շուկային համար հետեւանքները», ըսած է Մետվետեւ` երկուշաբթի օր փոխվարչապետներու հետ հանդիպումին ընթացքին:

Նախապէս փոխվարչապետներու հետ խորհրդակցութեան ժամանակ Մետվետեւ պահանջած է մօտ ատենէն ռուսական շուկայի պաշտպանութեան վերաբերեալ որոշում տալ` կապուած Եւրոպական Միութեան հետ Մոլտովայի ընկերակցութեան հետ:

«Հաշուի առնելով ժամանակին, այդ փաստաթուղթի Մոլտովայի խորհրդարանին կողմէ վաւերացման եւ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի կողմէ յառաջիկայ վաւերացման գործօնը` մենք պէտք է որոշում տանք ամէնէն մօտ ժամանակին», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES