Երուսաղէմի Մէջ Պաղեստինցի Պատանիի Սպանութեան Հարցով Վեց Հրեայ Ձերբակալուած Է

Հրեաներուն կողմէ հրկիզուած պաղեստինցի պատանին

Հրեաներուն կողմէ հրկիզուած պաղեստինցի պատանին

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները բախումներու պատճառ դարձած պաղեստինցի պատանիի սպանութեան համար մեղադրած են քանի մը հրեայ:

Այս գործով իսրայէլեան ոստիկանութիւնը վեց հրեայ ձերբակալած է:

Անցեալ շաբաթ հրեաները Երուսաղէմի մէջ 16-ամեայ պաղեստինցի պատանի առեւանգած էին ու ողջ-ողջ այրած: Այս դէպքը բուռն բախումներու պատճառ դարձած էր:

Դէպքին նախորդած էր երեք հրեայ բնակեցուած պատանիներու սպանութիւնը, որուն համար Իսրայէլ մեղադրած էր պաղեստինեան Համաս շարժումը եւ ձեռնարկած էր լայնածաւալ գործողութիւններու, որոնց շարքին` զանգուածային ձերբակալութիւններ եւ զինուորական գործողութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES