Թուրքերը Այլեւս Չեն Ուզեր Տեսնել Սուրիացի Գաղթականները

Ցուցարարներ` Այնթապի մէջ
Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներու դէմ բողոքի հերթական ցոյց մը տեղի ունեցած է: «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ ցուցարարներու խումբ մը հաւաքուած է Այնթապի քաղաքապետարանին առջեւ եւ պահանջած քաղաքապետին հրաժարականը:
Անոնք յայտարարած են, որ չեն ուզեր իրենց քաղաքին մէջ սուրիացիներ տեսնել, եւ որ քաղաքապետը չի կատարեր իր տուած խոստումները:
Անոնք յայտարարած են, որ արդէն երեք տարիէ ի վեր իրենց քաղաքին մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն պատճառով աճած են յանցագործութիւնները, բարձրացած են տուներուն վարձքերը եւ իրենք բազմաթիւ խնդիրներու առջեւ կանգնած են:
Քաղաքապետ Ֆաթմա Շահին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընթացքին յայտարարած էր, որ սուրիացի գաղթականներու վրաններուն մէջ կը բնակի 37 հազար, իսկ քաղաքին մէջ` 150 հազար սուրիացի գաղթական, եւ նշած էր, որ զանոնք աշխատանքներու մէջ տեղաւորելու եւ արագ համարկելու համար քայլեր կը ձեռնարկուին:

