Պաաքուպայի Մէջ Փեշմերկաները Յարձակում Կը Գործեն Տահեշ-Ի Դէմ
Իրաքեան ոստիկանութիւնը երէկ յայտարարեց, որ մայրաքաղաք Պաղտատի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Պաաքուպա քաղաքին մէջ անջատ երկու դէպքերու ընթացքին սպաննուած են չորս անձեր եւ վիրաւորուած չորս ուրիշներ:
Փեշմերկաները Պաաքուպայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Նաքշպանտիյայի ուղղութեամբ շղթայազերծած են ապահովական գործողութիւն մը` հետապնդելու համար ՏԱՀԵՇ-ի անդամ զինեալները: Գործողութեան պատճառով Իսլամական պետութեան զինեալներու շարքերուն մէջ արձանագրուած է երկու զոհ:
Պաաքուպայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող գիւղերէն մէկուն մէջ մէկ ընտանիքէ երկու զոհ եւ երկու վիրաւոր արձանագրուած է, երբ հրասանդէ արձակուած հրթիռ մը ինկած է անոնց տան վրայ:
CATEGORIES Միջազգային

