Էտուարտ Շեւարտնածէ Մահացաւ

Էտուարտ Շեւարտնածէ
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ 87 տարեկանին մահացած է Վրաստանի նախկին նախագահ, Խորհրդային Միութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Շեւարտնածէ: Այս մասին հաղորդած է Շեւարտնածէի մամլոյ ծառայութիւնը:
Էտուարտ Շեւարտնածէ ծնած է 1928-ին: 1951-ին աւարտած է Վրաստանի համայնավար կուսակցութեան կուսակցական դպրոցը: 1959-ին աւարտած է Քութայիսիի մանկավարժական համալսարանը` ստանալով պատմաբանի որակաւորում: Պաշտօններ վարած է համայնավար կուսակցութեան տարբեր օղակներուն մէջ:
5 նոյեմբեր 1995-ին Վրաստանի նախագահ ընտրուած է: 9 ապրիլ 2000-ին վերընտրուած է հերթական ընտրութիւններուն ընթացքին` ստանալով քաղաքացիներու 80 առ հարիւրին քուէները:
Աւելի ուշ, «վարդերու յեղափոխութեան» իբրեւ արդիւնք զրկուած է պաշտօնէն:
CATEGORIES Միջազգային

