Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Յիշատակած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը

0707bundestagԳերմանիոյ խորհրդարանին մէջ 3 յուլիսին Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակի տարելիցին նուիրուած յատուկ նիստ մը տեղի ունեցած է: Բացման խօսքը արտասանած է խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամմերթ:

Լամմերթ իր խօսքին մէջ նշած է, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմը յատկանշական դարձած է Հապսպուրկեան եւ Օսմանեան կայսրութիւններու մայրամուտով եւ ազդարարած նոր դարաշրջանի սկիզբը, ինչպէս նաեւ անիկա միաժամանակ պատերազմական նոր օճախներ ստեղծած է Պալքաններու եւ Կովկասի մէջ:

Լամմերթ իբրեւ օրինակ նշած է 1915-ի հայկական ջարդերը` նշելով, որ հայերու արտաքսումն ու ոչնչացումը պատերազմ մղելու միջոց դարձուցին տեղահանումն ու զանգուածային սպանութիւնները:

Անդրադառնալով համաշխարհային երկու պատերազմներու հետեւանքներուն յաղթահարման դժուարին հոլովոյթին` Լամմերթ հարցը ներկայացուցած է համաեւրոպական համարկումի ծրագիրի ենթահողին վրայ եւ ընդգծած, որ բռնութեան վերջ տալու եւրոպական օրինակելի փորձառութիւնը հիմնական խորհուրդ կը մնայ անցած 100-ամեակին ընթացքին տեղի ունեցած երկու համաշխարհային պատերազմներուն յիշատակը միասնաբար յարգելու համար:

Գերմանիոյ խորհրդարանի հանդիսաւոր նիստին մասնակցած են երկրի նախագահ Եոախիմ Կաուք, վարչապետ Անկելա Մերքել, Գերմանիոյ կառավարութեան անդամները, խորհրդարանի երեսփոխաններ, Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարանի նախագահը, ինչպէս նաեւ պատուոյ հիւրերու կարգավիճակով` Գերմանիոյ նախկին նախագահ Ռիխարտ ֆոն Վայցեքեր եւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Վալերի Ժիսքար տ՛Էսթեն, իսկ իբրեւ բանախօս Փարիզէն հրաւիրուած է ծագումով հրեայ դոկտոր Ալֆրետ Կրոսսը, որ ծնած է 1925-ին Գերմանիոյ մէջ, սակայն 1933-ին նացիներու կողմէ արտաքսուած է եւ բնակութիւն հաստատած Ֆրանսայի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES