Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի, սակայն քաղաքական առումով անորոշութիւնը պիտի մնայ տիրական, մինչեւ որ արեւմտեան-իրանեան փոխըմբռնումները յստականան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը ապահովելու առումով լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պատասխանատու են եւ անհրաժեշտ է այդ իմաստով լուծում մը գտնել:
ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պարտականութիւն է` աւելցնելով, որ ահաբեկչութիւնը արդարացնող կողմը ահաբեկչութեան մեղսակից կը նկատուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական վիճակը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ կայունութիւն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ ինք յետս կոչած է Դրամատուներու միութեան նախագահ Ֆրանսուա Պասիլի դէմ իր յարուցած դատական հարցը Ժիպէյլի մէջ անոր կատարած յայտարարութիւններէն ետք: Նշենք, որ Պասիլ յայտնած էր, թէ ինք կը յարգէ խորհրդարանն ու երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէ պաշտօնեաներուն իրաւունքները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խորհրդարանին դերակատարութիւնը խանգարելով ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` խորացնելու լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ սուրիացի բժիշկներ ապօրինի կերպով կ՛աշխատին Պեքաայի հիւանդանոցներուն մէջ:
ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Ամալ շարժումը շեշտեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ժողովրդավարութեան եւ իր ներկայացուցիչները ընտրելու լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքին ահաբեկումն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ հիմնական լուծումը կը կայանայ երկրին սահմանադրութիւնը յարգելուն եւ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելուն մէջ:
ՄԱԿ լիբանանցի պատասխանատուներէն պահանջեց սուրիացի գաղթականներուն լիբանանեան անցագիրներ շնորհել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ եթէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն չկատարուի, ապա երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը իր աւարտին հասցուցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ նախագահական ընտրութեան առումով ապագային կատարուելիք որեւէ երկխօսութիւն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը վճարելու վտանգ գոյութիւն չունի, որովհետեւ գումարները ապահովուած են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ յարանուանական բնոյթի սպառնալիքներուն արձանագրած աճը ցոյց կու տայ գաղտնի սպասարկութիւններուն մեղսակցութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ օրէնսդրական աշխատանքին ընթացք տալու:

