Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ապահովական Կացութեան Առումով

michel_khouryՓաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը նշուեցաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ երկրին մէջ տիրող ապահովական կացութեան եւ տնտեսական պայմաններուն առումով:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարել եւ խստիւ մերժեց «Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումին յայտարարութիւնները` զանոնք նկատելով շատ վտանգաւոր յայտարարութիւններ:

Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն լուրջ կեցուածք ցուցաբերելու այս երեւոյթին նկատմամբ:

Share this Article
CATEGORIES