Սաքըր 28 Յանցագործներ Ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի Անդամակցութեան Յանցանքով
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ 28 հոգի ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամակցութեան, անձնասպանական գործողութիւններ կազմակերպելու, ինքնաշարժներ ականելու, անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ պատրաստելու եւ այլ յանցանքներով:
Սաքըր պահանջեց հետեւեալ յանցագործները դատապարտել մահապատիժի եւ անոնց թղթածրարները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:
Միւս կողմէ, Զինուորական ատեանի դատախազներէն Ֆատի Սուան սուրիացի յանցագործ Իսա Մոհամետ Ռապիհը եւ Մահմուտ Մոհամետ Ռապիհը ամբաստանեց ահաբեկչական խմբաւորում մը կազմելու յանցանքով:
CATEGORIES Լիբանանեան

