ՏԱՀԵՇ Եւրոպացի Իր Զինեալները Կը Համախմբէ Լիբանանի Մէջ
Լոնտոնի մէջ գործող բրիտանացի դիւանագէտի մը համաձայն, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը իր եւրոպացի անդամները կը համախմբէ Լիբանանի մէջ, որպէսզի կարենայ Հըզպալլայի դէմ պատերազմիլ եւ կարելի ըլլայ հարաւային Սուրիոյ եւ հիւսիսարեւելեան Լիբանանի-Պեքաայի սահմանները ջնջել:
Ըստ բրիտանացի դիւանագէտին, այդ զինեալները բրիտանացիներ են, ֆրանսացիներ եւ գերմանացիներ:
Քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով բրիտանացի այդ դիւանագէտէն, կը գրէ, թէ Հըզպալլա իր դէմ ՏԱՀԵՇ-եան նման յարձակում մը հաւանական կը նկատէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

