Մաշնուք. «Մեր Եկեղեցիներուն Եւ Մզկիթներուն Դէմ Երկարող Ձեռքերը Պիտի Կտրենք»

Մաշնուք եւ Պըզրի
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք թուիթըրեան իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ «Ահրար Սուննա Պաալպեք»-ի յայտարարութիւնները Լիբանանէն դուրս գտնուող գաղտնի սպասարկութեան մը կողմէ կատարուած են` աւելցնելով, որ այդ սպասարկութեան արմատները ծանօթ են:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու է իր երկրին իւրաքանչիւր տարածքը եւ աղօթավայրը` ըլլայ անիկա քրիստոնէական թէ իսլամական, պաշտպանելու:
«Հետեւաբար մեր եկեղեցիներուն եւ մզկիթներուն դէմ երկարող ձեռքերը պիտի կտրենք», ըսաւ ան:
Մաշնուք յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւնները կը կազմակերպէ 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն:
Միւս կողմէ, Մաշնուք ընդունեց Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրին, որուն հետ քննարկեց հիմնական երկու հարցեր` Սայտայի ապահովական եւ տնտեսական կացութիւնը:
Ապահովական իմաստով Պըզրի շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին գործոց նախարարին, որուն հրահանգով կարելի եղաւ ապահովական ուժեր տեղակայել Սայտայի մէջ եւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն շուրջ:
Ան ողջունեց նաեւ քաղաքական ուժերուն կողմէ ապահովական կառոյցներուն տրուած քաղաքական զօրակցութիւնը, որուն շնորհիւ դիւրացան ապահովութեան ուժերուն յաջողութիւններն ու նուաճումները:
Ներքին գործոց նախարարութեան այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Հատի Հըպէյշ, որուն ընկերակցեցաւ Քըպէյյաթի փառատօնները կազմակերպող յանձնախումբը, որ նախարարին ներկայացուց փառատօններուն ծրագիրը:

