«Նախագահական Ընտրութեան Արգելակումին Շրջագիծին Մէջ Լիբանանցիներէն Պահանջուածը Իսլամական Խալիֆայութեան Ճանաչո՞ւմն Է» Հարց Տուաւ Ժոմպլաթ

NB-164930-635403296430705196Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթին մէջ իր սիւնակներուն ընդմէջէն հարց տուաւ, որ արդեօք նախագահական ընտրութեան արգելակումին շրջագիծին մէջ լիբանանցիներէն պահանջուածը Իսլամական խալիֆայութեան ճանաչո՞ւմն է եւ այդ խալիֆայութեան օրէնքներուն եւ կարգերուն հետեւիլը, «կամ արդեօք պէտք է սպասել, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի դիմէ այնպիսի քայլերու, որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի ըլլայ Իրաքը իր հակակշիռին տա՞կ առնել»:

Ժոմպլաթ հարց տուաւ նաեւ, որ արդեօք Լիբանանը մնայուն կերպով պէ՞տք է շրջանային փոթորիկներուն դիմաց ձգել, որպէսզի այս կամ այն անձնաւորութիւնը նախագահական ընտրութեան չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը:

Ժոմպլաթ ակնարկելով երկրին ապահովական կայունութեան` շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ:

Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց նաեւ պաղեստինցի ժողովուրդին պայքարը` իր արդար դատին լուծման ի խնդիր:

 

Share this Article
CATEGORIES