«Լիբանանեան Պետութիւնը Ֆինանսաւորումի Հարց Չունի» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Ալի Հասան Խալիլ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ֆինանսաւորումի հարց չունի` աւելցնելով, որ Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը կայուն է, իսկ պետական գանձարկղը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի:
Խալիլ շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը դրամ ապահովելու հարց չունի եւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը ապահովելու ոչ մէկ խնդիր ունի:
Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ երեսփոխաններուն պատասխանատուութիւնն է ուղղուիլ խորհրդարան եւ օրէնսդիր աշխատանք կատարել:
Կառավարութեան առաջին իսկ նիստէն անձամբ շեշտեցի, որ ելեւմուտքի նախարարութեան բոլոր քայլերը օրինական պիտի ըլլան, ինչ ալ ըլլան պայմանները:
Նախարարը շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը ոչ մէկ ապօրինութիւն պիտի կատարէ:
Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը նոյնիսկ ապահոված է պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորներուն յաւելումները, պայմանաւ որ սակայն խորհրդարանը վաւերացնէ այդ օրէնքը:
«Եթէ օրէնքը եւ աշխատավարձերու յաւելումներուն գումարները ապահովելու աղբիւրները յստակ կերպով վաւերացուին, ապա Լիբանանի պետական գանձարկղին նիւթական բացը պիտի նուազի», ըսաւ Խալիլ:
Նախարարը պահանջեց, որ խորհրդարանը լուսաբանական հարցաքննութեան հրաւիրէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պատասխանատուները:
Անդրադառնալով խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով խորհրդարանի նախագահին եւ Ամալ շարժումին վերագրուած յայտարարութիւններուն` Խալիլ շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին եւ աւելցուց, որ Պըրրի այս առումով շեշտած է, թէ այդ ընտրութիւնները նոր օրէնքի մը հիման վրայ չկատարելու պարագային, կը կատարուին գործող օրէնքին հիման վրայ: «Այս իմաստով գաղտնաբար ոչինչ կը կատարենք», եզրափակեց Խալիլ:

