«Դէմ Եմ»-ի Անդամները Կը Մտածեն Արմատական Միջոցներու Կիրարկման Անցնելու Մասին

0707Tem-EmԿառավարութեան կողմէ ներկայացուած եւ Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութեան կողմէ ընթացակարգային կանոնները խախտելու միջոցով ընդունուած կուտակային կենսաթոշակային նոր օրէնքը կարելի է նաեւ վիճարկուի Սահմանադրական դատարանին մէջ ոչ իշխանական ուժերու քառեակին կողմէ: Ներկայիս քառեակի ներկայացուցիչները նիւթեր կը նախապատրաստեն եւ «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան իրաւաբաններու հետ կը քննարկեն այդ հոլովոյթը:

«Դէմ եմ» շարժումի քանի մը մասնակիցներ իրենց կարծիքը յայտնեցին Սահմանադրական դատարան դիմելու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ թէ ի՛նչ յոյսեր ունին Սահմանադրական դատարանի երկրորդ անգամ դիմելու եւ օրէնքը վիճարկելու առումով:

Ըստ մասնակիցի մը, ինք դէմ չէ որ օրէնքը կրկին քննարկուի, սակայն այս նոյն հոլովոյթը հանրութիւնը սկսած է յոգնեցնել: Ըստ անոր,  պէտք է աւելի կարծր, արմատական միջոցներ կիրարկուին, սակայն այլ հարց է, թէ հանրութիւնը որքանո՛վ պատրաստ է այդ միջոցներուն: Ուրիշ մասնակիցի մը կարծիքով` պէտք է դիմել, որովհետեւ ատիկա պայքարի ուղղութիւն մըն է, որ պէտք է շարունակել այդ հարթութեան մէջ եւ իշխանութիւններուն թոյլ չտալ, որ կարծեն, թէ շարժումը յոգնած է եւ հիասթափուած:

Ուրիշ մասնակից մը յոյս չունի Սահմանադրական դատարանէն: Ան կը հաւատայ, որ պէտք է պայքարը զօրացնելու ձեւ մը ստեղծել:

Share this Article
CATEGORIES