Օհանեան Այցելեց Հիւսիս-Արեւելեան Զօրամասեր Եւ Մարտական Յենակէտեր

0707Min-Ohanian1Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 7 յուլիսին աշխատանքային շրջանային այցելութեանբ գտնուեցաւ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն եւ մարտական յենակէտերուն մէջ:

Պաշտպանութեան նախարարը ծանօթացաւ յենակէտերուն վրայ դիրքապահներու ծառայութեան պայմաններուն, հետեւեցաւ զօրամասերուն մէջ ընթացող շինարարական աշխատանքներուն: Սէյրան Օհանեան զրուցեց զինուորներուն հետ, ծանօթացաւ առկայ խնդիրներուն, խրախուսեց ծառայութեան ընթացքին առաւել կարգապահ ծառայողներուն: Զօրամասերու հրամանատարական կազմին տրուեցան համապատասխան ցուցմունքներ, յանձնարարուեցաւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ շտկել արձանագրուած բացթողումները: Այցելութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը բանակային զօրամիաւորման հրամանատարութեան հետ քննարկեց սահմանագիծի իրավիճակը:

Սէյրան Օհանեան Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանի հետ միասին հանդիպում ունեցաւ նաեւ մարզի սահմանամերձ գիւղերու գիւղապետերուն հետ. անոնց հետ քննարկեց սահմանագօտիի բնակչութեան խնդիրները: Պաշտպանութեան նախարարը աջակցութիւն ցուցաբերեց գիւղապետերու առաջադրած շարք մը խնդիրներուն:

Share this Article
CATEGORIES