Մոսկուայի Մէջ. Գալուստ Սահակեան Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Պետական Տումայի Նախագահին Հետ

Սահակեան եւ Նարիշքին

Սահակեան եւ Նարիշքին

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը շարունակէ պաշտօնական այցելութիւնը Ռուսիա:

Երէկ Ազգային ժողովի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները Մոսկուայի Ալեքսանտրեան այգիին մէջ ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրած են Անյայտ զինուորի յուշակոթողին: Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը մեկնած է ռուսական խորհրդարան, ուր Գալուստ Սահակեան դռնփակ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի հետ:

Հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով:

0707Sahakian_Haygagan-YegeghetsiԿիրակի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Մոսկուա: Հայ խորհրդարանականները շրջապտոյտ կատարած են Մոսկուայի մէջ սեպտեմբեր 2013-ին բացուած հայկական եկեղեցական համալիրին մէջ:

Ազգային ժողովի հաղորդագրութեան համաձայն, Գալուստ Սահակեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմի, Ռուսիոյ մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ հայ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES