Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ կը պատրաստուիք ճամբորդութիւն մը կատարելու, այժմէն իսկ կատարեցէք բոլոր կարգադրութիւնները` յստակ իմանալով ձեր երթալիք հասցէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր միջնորդութեան պիտի դիմեն երկու բարեկամներու միջեւ պատահած անիմաստ պառակտում մը վերացնելու: Ձեր բարեխօսութիւնը գնահատելի է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հանդարտ տրամադրութեամբ կատարուած աշխատանքը աւելի արդիւնք կու տայ, քան` աճապարանքով եղածը: Արագութիւնը աճապարանքի մէջ շուարումի կը տանի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արդար գնահատանքը լաւագոյն նուէրն է ոեւէ անձի համար: Այսօր պիտի արժանանաք գովեստի, որովհետեւ եղած էք գործունեայ առանց ակնկալութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր տեսած երազը իրականութեան հետ կապ չունի: Սին համոզումներ մի՛ ունենաք, այլ հիմնուեցէք ճշմարտութեան եւ գիտութեան վրայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հիւրեր կրնաք ունենալ, հետեւաբար անակնկալ չըլլայ, ջանացէք պարզ, բայց ջերմ հիւրասիութեամբ դիմաւորել զանոնք: Փոխադարձ գոհունակութիւն պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր լսած գաղտնիքը պահեցէք ձեր լեզուին տակ, որպէսզի հարցը «Բերնէ բերան չըլլայ գերան»: Այս իմաստութեան հետեւեցէք, կը յարգուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամական հարց մը կրնաք ունենալ ձեր կողակիցին կամ դրամատան պաշտօնեային հետ: Ձեր հաշիւները լաւ ստուգեցէք, որպէսզի մեղաւոր չըլլաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ունիք մտահոգութիւն մը, զոր չէք կրնար լուծել առանձնաբար, հետեւաբար դիմեցէք վստահելի բարեկամի մը, որպէսզի կարենաք փրկուիլ մղձաւանջէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Տրտունջը հեռացուցէք ձեզմէ, մտածեցէք արդար եւ դրական տրամադրութեամբ, որպէսզի ձեր սիրտը խաղաղի: Յոռետեսութիւնը հիւանդութիւն է, գիտցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամառնային եղանակը ձեզ պիտի մղէ իրագործելու ճամբորդութիւն մը, բայց երբ կը մտածէք ձեր նիւթական կարողութեան մասին, կը յետաձգէք: Շարժեցէք` ըստ օրուան պահանջին, որպէսզի չզղջաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանեկան խռովութիւն մը կրնայ խանգարել ձեր օրը: Ականջ մի՛ տաք ըսի-ըսաւներու, որպէսզի կարենաք օրը աւարտել խաղաղ եւ իրագործել ձեր ծրագիրը:

