50 Տարի Առաջ (9 Յուլիս 1964)

Նոթեր Ու Նետեր

ԵրկուՅատկանշականԴէպք

Կոյր, Կառք, Կենդանի

Կոյր եուկոսլաւ մը, Վլատիմիր Եուսեփովիչ, երկամսեայ փորձերէ ետքը, կը ձեռնարկէ հետիոտն գնացքի մը, եւ առանց դադարի կը քալէ քսաներկու ժամ` ընթանալով հարիւրքսանհինգ քիլոմեթր, Գրակիւժվաք աւանէն երթալով  մինչեւ մայրաքաղաք` Պելկրատ:

Վլատիմիր Եուսեփովիչ կը հաստատէ, որ կոյր մը կրնայ երկար ճամբորդութիւն մը ընել միայնակ ու առանց արկածի: Իրապէս, այդ ուղեւորութեան ընթացքին, նեցուկ ունենալով լոկ գաւազանը, չի զարնուիր ո՛չ մարդու, ո՛չ կառքի, ո՛չ քարի, ո՛չ ալ ծառի:

Շատեր զարմացան` լսելով լուրը: Ես զմայլեցայ:

Ինչո՞ւ զարմանալ: Աչք ունեցող որքա՞ն կոյրեր կան, ու կոյր եղող որքա՜ն աչքըբացեր կան:

Ֆրանսայի մէջ, տօնական օրերու առթիւ, կառքերով գաւառ մեկնողներուն կառավարութիւնը օրեր առաջ կը յանձնարարէ ըլլալ խոհեմ, օրինապահ: Թերթերու, ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի միջոցով կը տեղան հեղեղներ խրատներու, վարորդներուն խրատ կը տրուի չխմել, չքնանալ, չշտապել, առաջ անցնելու մոլուցքով չտարուիլ եւ այլն: Տակաւին, ճամբաներուն վրայ կը վխտան հսկիչ ոստիկաններ: Անօգուտ, ապարդիւն: Ամէն անգամ, երթուդարձի ընթացքին 110-120 մեռեալներ կան, ինչպէս նաեւ` 2300-2500 վիրաւորներ:

Վստահ եմ, որ կոյրերը եթէ վարորդ դառնան, պիտի չպատահին այդքան մահեր ու արկածներ:

Նոյնիսկ վստահ եմ, որ եթէ անասունները վարորդ դառնան, արկածները պիտի նուազին կէսէն աւելի:

Մարդ արարածը թէեւ ամէնէն խելացի կենդանին է, բայց միաժամանակ ամէնէն ալ տխմարն է:

Իւրաքանչիւր վարորդ կը կարծէ` թէ արկածը իրեն համար չէ, թէ` մանաւանդ մահը իրեն ու իրեններուն համար չէ, այլ ուրիշներուն համար է:

Վարորդները կը մոռնան, որ «մահը մերն է, մենք մահինը», երբ մանաւանդ կառքի մէջ ենք ու անզգուշ»:

Եւ արկածները կը բազմանան:

Կը ճանչնանք վիրաւորներ, որոնց քով արկածամահ եղածները բախտաւոր են:

Ուրեմն կառք վարելու են կոյրերն ու կենդանիները, քանի որ մարդ արարածը անբարտաւան է, անկրթելի, անուղղայ:

Երեւակայեցէք` կառքին մէջ իբրեւ վարորդ նստած էշ մը, արջ մը կամ կապիկ մը: Անոնք լրջօրէն, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ձեռք առած են ղեկը: Կրնաք վստահիլ այդ պատուական ու համակրելի անասուններուն: Անոնք ո՛չ ալքոլ կը գործածեն, ո՛չ կը քնանան, ո՛չ ձեռքով ոտքով ճառ կը խօսին, ո՛չ իրենց քովինը կը համբուրեն, ո՛չ կը ծխեն, ո՛չ ալ միւս կառքերուն հետ կ՛ելլեն մրցումի: Մեռնելու մրցում:

Անշուշտ մարդավարի կերպով կառք վարող մարդիկ կան. սակայն անմարդավարի կերպով վարողները բազմաթիւ են:

Կառք վարելու արտօնութիւն ունեցողները եթէ անցնին խիստ ու արդար վերաքննութենէ մը, կէս առ կէս կը կորսնցնեն իրենց արտօնագիրը, ստանալով ուրիշ արտօնագիր մը` մտնելու համար յիմարանոց:

Ռմբավէպ

Վիւբբերթալ քաղաքին մէկ շինատեղիին մէջ բանուոր մը հողը փորած ատեն բրիչը կը բախի մետաղեայ զանգուածի:

Գործաւորը կը սկսի փորել խոհեմաբար, յամրաբար եւ զգուշութեամբ շարունակելով աշխատանքը, երեւան կը հանէ կլոր ու ժանգոտած զանգուած մը:

Աշխատաւորը կ՛ըսէ իրովի.

– Անտարակոյս, խոշոր ռումբ մըն է, մնացած վերջին աշխարհամարտէն:

Կը կանչէ գործապետը, որ կու գայ, կը քննէ եւ ապա, ժանգն ու մետաղը թեթեւօրէն քերթելէ ետքը, իբրեւ իրազեկ, հեղինակաբար կը յայտարարէ.

– Հինգհարիւր քիլոնոց ռումբ մըն է:

Կը կանչուին մասնագէտներ, շնորհիւ ոստիկանութեան, որոնք նմանապէս կը հաստատեն երեւան ելած մետաղէ զանգուածին վտանգաւոր ռումբ մը ըլլալը:

Եւ իրարանցումը կը սկսի:

Կը հեռացուին շինատեղիին բանուորները:

Թաղին բնակիչները սարսափահար կը քաշուին մօտակայ թաղերը` ազգականներու եւ ծանօթներու տուները ապաստանելով:

Կը բերուին մասնաւոր բանուորներ, որոնք նոյնպէս վկայելով մեծազանգուած ռումբի մը գոյութիւնը, մասնագիտօրէն կը սկսին գործի` ռումբը ամբողջութեամբ երեւան հանելու եւ տեղափոխելու համար:

Վերջապէս, մետաղէ զանգուածը թաղուած տեղէն բոլորովին կը յայտնուի…

Բայց կը տեսնուի, որ ռումբ կարծուածը լոգարան մըն է, հակառակ դարձուած ու թաղուած…

Թիւրատեսութիւն ու թիւրիմացութիւն…

Եւ ահագին վախ ու վնաս…

Խաղքութիւն:

Զսպուած ծիծաղներ, քմծիծաղներ կողմնակի:

Եզրակացութիւն.- Մարդիկ վարակուած են ռմբախտէ: Մարդիկ ամէնուրեք կը տեսնեն ռումբ: Ամէն առարկայ կը կարծեն ռումբ: Ամէն բան կը նմանցնեն ռումբի:

Առած մը կայ, որ կ՛ըսէ.

– Ամէն փայլուն բան ոսկի չէ:

Պէտք է աւելցնել.

– Ամէն կոր կամ կլոր բան ռումբ չէ:

Հատ մըն ալ.

– Ամէն մարդ մասնագէտ չէ, իսկ ամէն մասնագէտ ալ մարդ չէ:

Եւ կամ առած ըսելու տեղ, պարզապէս թաղուած մետաղեայ զանգուածին վրայ արձանագրելու էին հետեւեալ ծանօթութիւն-տապանագիրը:

– Աստ հանգչի վաստակաւոր լոգարան մը, որ աւելի քան դար մը ծառայած, ծերացած ու ծակած է: Հիմա ա՛լ չէ պիտանի: Բայց մարդիկ կան, որոնք հակառակ մասնագէտի իրենց պիտակին` այս լոգարանէն աւելի անպէտք են, նոյնիսկ վնասակար: Գոնէ այս լոգարանը մարդու վնաս չունի: Անցեալի մէջ մեծապէս օգտակար հանդիսացած է: Իր մէջ լուացուած են մարդկային ռումբեր: Բայց ինք ռումբ մը չէ: Հողը թեթեւ գայ վրան: Եթէ կարենար իրաւունք ունէր կարգ մը մարդոց գլուխները հողելու:

Ն. ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES