«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութի Պանդոկներու Պատերազմը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Հայ Հոգեւոր Պետերուն Կոչերը

Հոլիտէյ Ին պանդոկը
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը 1975 հոկտեմբերին նոր հանգրուան մը թեւակոխեց պանդոկներու պատերազմին բռնկումով: Պէյրութ իրողապէս երկու մասի բաժնուեցաւ եւ պատերազմը իսլամ-քրիստոնեայ կրօնական գունաւորում ստացաւ:
Ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 1975-ին հրացանաձգութիւններն ու պայթումները Պէյրութի կեդրոնական շրջաններէն` Պշարա Խուրի պողոտայէն ու Տըպպաս հրապարակէն տարածուեցան դէպի Նասրա, Սոտեքօ, Քանթարի եւ Զոքաք Պլաթ:
Իպրահիմ Քլէյլաթի անկախ նասըրական մուրապիթուն միլիսներու խմբակ մը` Զէյտանի բազէներ ջոկատը գրաւեց Մըր աշտարակը եւ կրակի տակ առաւ քրիստոնէական շրջանները:
Հոկտեմբեր 25-ին Ժորժ Փիքօ-Նաւահանգիստ-Զէյթունիէ-Քանթարի գօտին իսկական ռազմադաշտի վերածուեցաւ:
Փաղանգաւորները, որոնք ընդհանուր շուրջ հինգ հազար միլիս ունէին, հազարը կեդրոնացուցած էին Պէյրութի կեդրոնական ճակատին վրայ: Անոնք կը գործէին Ուիլիամ Հաուրիի եւ Պեշիր Ժըմայէլի հրամանատարութեան տակ. ունէին մասնայատուկ ուժեր, կապի, զրահապատ եւ հրետանային ջոկատներ եւ կիներու յատուկ ջոկատ մը` նիզամիա, Ժոսլին Խուրիի հրամանատարութեամբ:
Մուրապիթունները ունէին շուրջ հազար միլիս, բաղկացած` սիւննի, շիի եւ տիւրզի կռուողներէ, որոնք կը գործէին Իպրահիմ Քլէյլաթի հրամանատարութեան տակ: Անոնց կողքին, Պէյրութի կեդրոնական ճակատներու վրայ դիրքեր հաստատած էին նաեւ յառաջդիմական եւ համայնավար շուրջ 500 կռուողներ, ինչպէս նաեւ Ֆաթհի, Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի, Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդավարական ճակատի եւ Սահիքայի մաս կազմող պաղեստինցի ֆետայիներ:
Կիրակի, հոկտեմբեր 26-ին, Արլըքէն-Քանթարի-Մեքսիք-Սփիրզ-Ուաթուաթ-Մէյ Զիատէ-Քլեմանսօ-Ֆենիսիա ութանկիւն ճակատին վրայ ծանր բախումներ արձանագրուեցան:
Հրթիռներու, հաուն թնդանօթներու, Էր.Փէ.Ժէ.ներու եւ ծանր զէնքերու գործածութիւնը ցնցեց այդ շրջաններուն բոլոր շէնքերը: Ճամբաներուն վրայ նայող պատուհաններուն առջեւ նոյնիսկ կարելի չէր կենալ: Լայն ու նեղ ճամբաներուն վրայ ինկող զոհերուն դիակներն իսկ կարելի չեղաւ վերցնել:

Մուրապիթուն միլիսներ
Մուրապիթուններ Մըր աշտարակէն կրակի տակ պահեցին փաղանգաւորներու դիրքերը, որոնք Քանթարիի եւ Քլեմանսոյի մէջ դժուարին կացութեան մատնուեցան: Նոյն պահուն բազմաթիւ հրդեհներ ծագեցան այդ ութանկիւն շրջաններուն մէջ:
Փաղանգաւորները նոր դիրքեր բռնեցին Մար Իլիաս եկեղեցիին մօտ, Հոլիտէյ Ին պանդոկին առջեւ եւ Քլեմանսոյէն այդ պանդոկը տանող երկու ճամբաներուն վրայ:
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 27-ին Քանթարիի մէջ բախումները սաստկացան եւ կարգ մը թաղերու մէջ բազմաթիւ բնակարաններ կողոպուտի ենթարկուեցան:
Մըր աշտարակին վրայ մուրապիթուններ ծանր զէնքերով անշարժութեան մատնեցին փաղանգաւորները, որոնք նահանջելով, նոր դիրքեր գրաւեցին Հոլիտէյ Ին, Ֆենիսիա, Սէն Ժորժ եւ Հիլթըն պանդոկներու շէնքերուն վրայ:
Փաղանգաւորներուն նոր դիրքը ճեղքելու փորձերը ձախողեցան: Նոյնիսկ արձակուած հրթիռները իրենց նպատակին չէին հասներ:
Այն Մըրէյսիի մէջ եւս զինեալ տարրեր երեւցան եւ իրենց կարգին նոր դիրքեր գրաւելով, կրակ բացին փաղանգաւորներուն ուղղութեամբ:
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 28-ին Քանթարիի մէջ բախումները սաստկացան: Մեծ թիւով հրթիռները նոր հրդեհներ առաջացուցին:
Հոկտեմբեր 29-ին մուրապիթունները մտան Քլեմանսօ, բայց մեծ թիւով զոհեր տուին: Նոյն պահուն, փաղանգաւորներ կատաղի հրթիռարձակումով անշարժութեան մատնեցին Մըր աշտարակի միլիսները:
Քանթարիի բնակիչներէն շատեր ներքին ապահովութեան ուժերու պատկանող զրահապատներով Համրա եւ Ռաուշէ փոխադրուեցան: Միւս կողմէ, Սփիրզի եւ Ուաթուաթի բնակիչներէն շատեր Արա Երեւանեան ակումբին եւ Ալեք Մանուկեան կեդրոնին մէջ ապաստան գտան:
Մըր աշտարակէն արձակուող ռումբեր ինկան Քլեմանսօ եւ Ֆենիսիա փողոցներուն վրայ, ուր բազմաթիւ հրդեհներ ծագեցան:
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 30-ին Ֆենիսիայի մէջ փաղանգաւորները նոր դիրքեր գրաւեցին, իսկ Ժորժ Փիքօ պողոտային վրայ, անոնք յառաջացան մինչեւ Պապ Իտրիս:

Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղամասին մէջ
Շաբաթ, 1 նոյեմբերին պանդոկներուն վրայ դիրք բռնած փաղանգաւորները գրաւեցին Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղամասը եւ նոր դիրքեր հաստատեցին մուրապիթուններուն դէմ:
Հոլիտէյ Ին պանդոկին 21-րդ յարկին վրայ երկու հրթիռներ ինկան, որոնք մեծ հրդեհ մը յառաջացուցին: Սթարքօ շէնքին վրայ ինկած հրթիռ մը դարձեալ նոր հրդեհ մը յառաջ բերաւ. նաեւ, Ալքազար եւ Ֆենիսիա պանդոկներուն մէջտեղ գտնուող պենզինի կայանին վրայ ինկած հրթիռ մը հրոյ ճարակ դարձուց կայանը:
Կիրակի, 2 նոյեմբերին, Հայկազեան քոլեճին շէնքին մէջ հրդեհ մը մեծ դժուարութեամբ զսպուեցաւ, իսկ Այն Մրէյսիի մէջ երկու նոր հրդեհներ քանդեցին երկու շէնքեր:
Նոյեմբեր 3-էն 4 լուսցող գիշերուան ընթացքին, զինադուլի համաձայնութեան մը հիման վրայ, փաղանգաւորներ պարպեցին միջազգային պանդոկներու ծովահայեաց թաղամասին երեք մեծ պանդոկներէն Ֆենիսիան եւ Սէն Ժորժը, մինչ Հոլիտէյ Ին կը մնար անոնց ձեռքը. փոխարէնը, նոյն պահուն մուրապիթուններ քաշուեցան Մըր աշտարակէն:
Պանդոկներու տասնօրեայ պատերազմի այս շրջանին «Ազդակ» լոյս չտեսաւ, որովհետեւ Ուաթ-Ուաթ թաղին մէջ գտնուող խմբագրատան ու տպարանի շրջանը բուռն բախումներու եւ կողոպուտի թատերավայր հանդիսացած էր: Վերջին համարը լոյս տեսած էր շաբաթ, 25 հոկտեմբերին: Թերթին հրատարակութիւնը վերսկսաւ չորեքշաթի, 5 նոյեմբեր 1975-ին:
***
Պէյրութի կեդրոնական գօտիին մէջ մղուող կռիւներուն զուգահեռ, զինեալ բախումները, առեւանգումներն ու պայթումները շարունակուեցան տարբեր շրջաններու մէջ, մինչ դարանակալ արձակազէններ անապահովութեան մէջ պահեցին Պէյրութի թաղամասերն ու արուարձանները: Զանազան թաղերու մէջ զինեալ տարրեր կը մտնէին մթնցած թաղերը, կը բարձրանային շէնքերը եւ զէնքի ուժով կ՛առեւանգէին երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Աւազակախումբեր շէնքեր մտնելով նիւթական գումարներ կը պահանջէին եւ կը յաջողէին իրենց ծրագիրները իրականացնել: Կարգ մը թաղերու մէջ ելեկտրական հոսանքը կտրուեցաւ եւ մոմերն իսկ խնայողութեամբ կը գործածուէին:

Մուրապիթուն միլիսներ
Տըքուանէէն հրթիռարձակումը կը շարունակուէր դէպի Նապաա եւ Թէլ Զաաթար: Տըքուանէի մէջ, փաղանգաւորներու կողքին կային նաեւ Պեշիր Մարունի (Պաշ Մարուն) գլխաւորած զինեալ երիտասարդականները: Թէլ Զաաթարէն եւ Նապաայէն զինեալ տարրեր բազմիցս փորձեցին մտնել Տըքուանէ, բայց ձախողեցան: Տըքուանէի, Սին էլ Ֆիլի, Հըրշ Թապէթի մէջ եւ Նապաա տանող մայր ճամբուն վրայ բազմաթիւ անձեր առեւանգուեցան: Նապաա նաեւ յարձակման ենթարկուեցաւ Տորայէն խուժած զինեալ տարրերու կողմէ. ծանր բախումներ տեղի ունեցան նեղ փողոցներուն մէջ:
Պուրճ Համուտի մօտակայ թաղերուն մէջ եւս արձակազէններ գործի լծուեցան եւ ծանր մթնոլորտ ստեղծեցին: Ամանոս թաղին մէջ շրջագայութիւնը դժուարացաւ եւ հրացանաձգութեան ձայներ լսելի էին Թրատի շրջանին մէջ:
Պետական ձայնասփիւռի կայանի խօսնակ Շարիֆ Ախաուի բաւական ճշգրիտ տեղեկութիւններ կը փոխանցէր ճամբաներու եւ թաղերու մասին եւ կը զգուշացնէր քաղաքացիները անապահով շրջաններէն:
Պուրճ Համուտէն Տորա տանող ճամբան վտանգաւոր նկատուած էր Ախաուիի կողմէ, որ միշտ կը կրկնէր թէ Շահպազ ճաշարանին մօտ արձակազէններ կան եւ փամփուշտի ձայներ կը լսուին:
Էշրեֆիէի մէջ, Նապաայէն արձակուած հրթիռներ ահ ու սարսափի մատնեցին բնակչութիւնը: Ամէնուրեք նոր պատնէշներ բարձրացուեցան: Փաղանգաւոր միլիսները ահազանգի մէջ դրուած էին:
***
Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան ապրած դժուարին պայմաններուն ի տես, Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս 4 նոյեմբեր 1975-ին հայրական կոչ մը ուղղեց համայն հայ ժողովուրդին, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի 14 նոյեմբեր 1975-ի թիւով, «Հայրական կոչ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին» խորագիրով, ուր կ՛ըսուէր.
«Խոր վիշտ կը պատճառէ մեզի ողբերգական կացութիւնը, որուն մատնուած է եղբայրական Լիբանանի համայն բնակչութիւնը, իբրեւ հետեւանք ներքին անհասկացողութեանց: Մեր ամէնօրեայ աղօթքն ու մաղթանքն է որ լիբանանցի ժողովուրդի բոլոր համայնքներու միջեւ անյապաղ վերահաստատուի արդար խաղաղութիւն մը եւ համերաշխ գործակցութիւն մը ի շահ եւ յերջանկութիւն ամբողջ Լիբանանի, երկիր մը որ արաբ ազգին յատուկ մարդասիրութեամբ ու հայասիրութեամբ ասպնջականութիւն շնորհած է մեր ազգի բազմահազար դժբախտ տարագիրներուն Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն յետոյ, որուն համար յաւէտ երախտապարտ պիտի մնան մեր եկեղեցին ու մեր ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Մեր տագնապեալ լիբանանահայ զաւակներուն օգնութեան հասնելու նպատակաւ եւ ընդառաջելով լիբանանահայ տարբեր կազմակերպութեանց պատասխանատու ներկայացուցիչներու դիմումներուն, առաջադրած ենք կազմութիւնը «Օգնութեան յանձնախումբ»-ի մը, բաղկացած եօթը լիբանանահայ ծանօթ ազգայիններէ, նախագահութեան ներքոյ տիար Յովհաննէս Գասարճեանի, որ պարբերաբար ստանալով նիւթական յատկացումներ, պիտի կարողանայ կազմակերպել օգնութեան գործը այն լիբանանահայերուն, որոնք կարօտ են նիւթական օժանդակութեան, ապահովելու համար իրենց ընտանիքին անհրաժեշտ սննդամթերքը:
Այ սու մենք, եղբայրական սիրով կը դիմենք Լիբանանի հայ կրօնական յարանուանութեանց պետերուն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Կաթողիկէ հայոց Իգնատիոս Պաթանեան պատրիարքին եւ Հայ աւետարանական համայնքներու նախագահ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեանին, որ հաճին իրենց բարոյական հովանաւորութիւնը ընծայել վերոյիշեալ «Օգնութեան յանձնախումբ»-ին, որպէսզի ան առաւել արդիւնաւէտութեամբ կարողանայ անհրաժեշտ նպաստները բաշխել բոլոր լիբանանահայ կարօտեալներուն անխտիր:
Մեր հոգեւոր եւ բարոյական պարտքը կը նկատենք դիմել ձեզի բոլորիդ, որպէսզի օգնութեան ձեռք երկարէք ձեր հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք այսօր Լիբանանի ափերուն, թշուառութեան մատնուած, կարօտեալ վիճակի մէջ կը գտնուին»:
***
Իրենց կարգին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոս, Հայ կաթողիկէ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեան համայն հայ ժողովուրդին ուղղուած կոչ մը հրապարակեցին, որ լոյս տեաւ «Ազդակ»-ի 19 նոյեմբեր 1975-ի թիւով, ուր կ՛ըսուէր.
«Եօթը երկա՜ր ամիսներէ ի վեր հոգեխռով եւ սրտատրոփ կը հետեւինք Լիբանանի մէջ ստեղծուած աղէտալի կացութեան: Ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի ու մամուլի միջոցով տեղեակ էք չարադէպ բոլոր անցուդարձերուն: Հազարաւոր հայ ընտանիքներ ամիսներէ ի վեր արգելափակուած են չորս պատերու մէջ` դժոխային զէնքերու սահմռկեցուցիչ որոտին ու կրակին տակ: Ամբողջ ժողովուրդը աւելի քան նուազ չափով կը կրէ այդ դէպքերուն հետեւանքները թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս:
Ձմեռն ալ հասաւ իր սաստկութեամբ: Տաք հագուստի ու սնունդի կարիքը աւելի քան երբեք զգալի է դարձած: Ոչ մէկ դպրոց բացած է իր դռները: Այս ընդհանուր անապահովութեան մէջ կը տագնապի մեր ժողովուրդը:
Բնականոն կեանքի խանգարումին եւ ընդհանուր գործազրկութեան հետեւանքով յառաջացած թշուառութեան դէմ պայքարելու համար, ամիսներէ ի վեր տեղական Ազգային իշխանութիւնները եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները կը ջանան ըստ կարելւոյն օգնութեան հասնիլ աղէտեալ ընտանիքներու անմիջական ու անյետաձգելի կարիքներուն:
Ուզելով սակայն համազգային բնոյթ տալ ու համագործակցութիւն ստեղծել, կազմուած է երեք յարանուանութիւններէ բաղկացեալ Կեդրոնական յանձնախումբ մը, որ ուղղակի պիտի զբաղի կարօտեալներու օգնութեան գործով:
Արդ, ժամանակն է որ քոյր գաղութներ, ինչպէս նաեւ նուազ վնասուող լիբանանահայեր, եղբայրական զոհաբերութեան իրենց բաժինը բերեն սատարելու համար վերականգնումին հայահոծ գաղութի մը, որուն կենսունակ պահպանումը իր ազգային, մշակութային, կրթական ու տնտեսական կեանքով, պէտք է հանդիսանայ համայն հայութեան աւագ պարտականութիւններէն մէկը:
Ուստի, սրտագին ու թախանձագին կոչ կ՛ընենք ամէնուդ, ձեր եղբայրական ու փրկարար ձեռքը երկարելու օգնութեան կարօտ ձեր դժբախտացած եւ թշուառացած քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Եթէ շուտով ու լիաբուռն ընծայաբերութեամբ օգնութեան չհասնիք, բազմահազար երէց ու կրտսեր թանկագին կեանքեր, աւուր հացի կարօտ, պիտի ենթարկուին սովի ստոյգ վտանգին»:

