Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀՄԱՄՃԵԱՆ
Կրթական Նոր Կարելիութիւններ`
Գիւղի Դպրոցին
«Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ի եւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` Վանանդի դպրոցին մէջ բացումը կատարուած է ստեղծագործարանին, գրադարանին եւ պաշարներու կեդրոնին:
Նման նախաձեռնութեամբ իրականութիւն դարձած 3-րդ ստեղծագործարանն է այս մէկը, որ ելեկտրոնային գրատախտակով (սմարթ պորտ), ժամանակակից համակարգիչներով եւ շարժական յատուկ կահոյքով յագեցած է, ուր պիտի յաճախեն Արմաւիրի մարզի Վանանդի գիւղի միջնակարգ դպրոցի աշակերտները: Այս դպրոցին մէջ պիտի գործէ նաեւ կրթութեան ժամանակակից պահանջներուն համապատասխանող գրադարան եւ պաշարներու կեդրոն:
Ստեղծագործականութիւնը խթանող եւ արհեստագիտութեան ուսուցումը խրախուսող արդի այս դասարաններու ստեղծման գաղափարը «Հայաստանի մանուկներ»-ուն է: Գիւղական համայնքներու հաւասարաչափ զարգացման եւ տեղեկատուական ու հաղորդակցական արհեստագիտութեամբ դպրոցները համալրելու ծրագիրները կեանքի կոչուած են «Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ի ֆինանսական աջակցութեամբ, համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան տրամաբանութեան ծիրին մէջ:
«Երեխաներուն տուէք բացայայտուելու կարելիութիւն, եւ անոնք շատ արագ կը գերազանցեն ձեր ակնկալիքները: Շատ կարեւոր է դասերու մատուցման սովորական գործընթացը ստեղծագործական մօտեցման վերածել: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ ստեղծուած միջավայրը կը բազմապատկէ ուսման նկատմամբ աշակերտներուն հետաքրքութեան աստիճանը եւ կու տայ բացառիկ արդիւնք», նշած է «Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Անուշ Եդիգարեանը կարեւոր նկատած է կրթական հաստատութիւններուն մէջ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու եւ կրթական ժամանակակից միջավայրի ապահովումը:
«Բոլոր այն ծրագիրները, որոնց կը նախաձեռնենք եւ զորս կ՛իրականացնենք, ուղղուած են գիւղական համայնքներուն մէջ կրթութեան որակի բարձրացման: Մենք կրթութիւնը կը նկատենք երիտասարդներու զարգացման շարժիչ ուժ: Իրականացուող ծրագիրի նպատակը գիւղական դպրոցներուն մէջ կրթութեան որակի բարձրացումն է: Ստեղծագործարանը, գրադարանն ու պաշարներու կեդրոնը միաւորող այս կրթասրահը, պիտի օգնէ ոչ միայն ուսումնատենչ աշակերտներուն, այլ նաեւ բոլոր այն ուսուցիչներուն, որոնք կ’ուզեն արհեստագիտութեան կիրարկումը ներմուծել դասապահերուն ընթացքին եւ դասերը դարձնել աւելի հետաքրքրական եւ ուսանելի», յայտնած է Անոոշ Եդիգարեան:
Նորաբաց գրադարան-պաշարներու կեդրոնը կարելիութիւն կու տայ բարելաւելու տեղեկատուութեան հասանելիութիւնը եւ երիտասարդներուն համար, անոնց մօտ սէր սերմանել ընթերցանութեան նկատմամբ: Հոն զիրենք հետաքրքրող գրականութիւն եւ մասնագիտական զարգացման նիւթեր կը գտնեն թէ՛ երեխաները, թէ՛ դեռահասները, թէ՛ մանկավարժները եւ թէ՛ համայնքի ներկայացուցիչները: Գրադարանի իւրայատկութիւններէն է գիրքերու, դասագիրքերու եւ տեղեկատուական այլ նիւթերու թուային տարբերակներու հասնելիութիւնը:
Ասոր զուգատեռ, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը Վանանդի միջնակարգ դպրոցին մէջ պիտի գործադրէ նաեւ «Առողջ սնուցում» եւ «Ատամների խնամք» ծրագիրները: Դպրոցին մէջ ստեղծուած է ակռաներու մաքրութեան կեդրոն, եւ կահաւորուած է ճաշարանը:
Նախարար Յակոբեան Պարգեւատրեց
Քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանը
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը 1 Յուլիսին ընդունեց քանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանը:
Բարձր գնահատելով հայ քանդակագործին ներդրումը հայապահպանման եւ հայ մշակոյթը աշխարհին ներկայացնելու առումով` նախարար Հրանուշ Յակոբեան զայն պարգեւատրեց «Արշիլ Կորքի» մետալով:
Նախարարը մասնաւորաբար նշեց. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ներկայացնել արուեստի մեծագոյն վարպետներէն մէկը` քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանը, որ կեանքին մէկ մասը ապրած է Հայաստան, միւս մասը` Քանատա, բայց մնայուն կերպով ամուր թելերով կապուած եղած է հայրենիքին հետ: Չաքմաքճեան ազգանունը վաղուց դուրս ելած է հայկական աշխարհի շրջանակներէն եւ դարձած` համաշխարհային մշակոյթի մեծագոյն երեւոյթներէն մէկը»:
Յարութիւն (Արթօ) Չաքմաքճեան ծնած է 1933-ին, Եգիպտոս: 1948-ին ընտանիքով հայրենադարձած է Խորհրդային Հայաստան: 1975 թուականէն կ՛ապրի Մոնրէալ քաղաքը:
Արթօ Չաքմաքճեան քանդակագործութեան բնագաւառին մէջ կը նկատուի արտայայտչական ոճի հիմնադիրներէն մէկը: Այդ ոճով ան քանդակած է Կոմիտասի, Կոստան Զարեանի, Առնօ Բաբաջանեանի դիմաքանդակները, «Ազատութիւն» քանդակը: Նշանաւոր են անոր «Սասունցի Դաւիթ», «Բերքահաւաք» քանդակները, «Կոմիտաս» եւ «Ապրիլեան յուշակոթող» վեհաշուք յուշարձանները: 2010-ին Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կազմակերպած է Արթօ Չաքմաքճեանի քանդակներու ցուցահանդէսը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար` Ա. Չաքմաքճեան նշեց. «Ես անուղղակիօրէն ներկայացուցած եմ մեր երկիրը եւ զայն ցոյց տուած աշխարհին` բացայայտելով, որ մեր երկիրն ալ գեղարուեստական խօսք եւ արուեստ ունի: Եթէ ես ճանաչում գտած եմ աշխարհի մէջ, ապա միայն` շնորհիւ Հայաստանի, քանի որ իմ արուեստիս սնունդ տուած է Հայաստանի անցեալի եւ ներկայի մշակոյթը»:
Երեւանի Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում քանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանին հետ, ցուցադրուեցաւ Ռիտա Շառոյեանի` արուեստագէտին կեանքն ու ստեղծագործութիւնը ներկայացնող «Քայլող մարդը» ժապաւէնը:
«Ֆիլմեր` Առանց Սահմաններու» Ծրագիրով
Պիտի Ներկայացուին 17 Ժապաւէններ
«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ 2011 թուականէն Եւրոմիութեան աջակցութեամբ կը կայանայ «Բեմադրիչներ` առանց սահմաններու» նախագիծը, որ նպատակ ունի նոյն շրջանակներու մէջ միաւորել Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու շարժապատկերի գործիչները:
Այս տարի «Բեմադրիչներ` առանց սահմաններու» 8-րդ միացեալ արտադրութեան տարածաշրջանային ֆորումին համար ընտրուած են 14 նախագիծեր, որոնք պիտի մրցին զարգացման երեք դրամաշնորհներու համար:
«Ֆիլմեր առանց սահմաններու» ծրագիրը Երեւանի մէջ պիտի ներկայացնէ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներուն եւ Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն ստեղծուած 17 յատուկ նիւթերով ժապաւէններ:
Ծրագիրի ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեան նշած է, որ արտադրական նման միջավայրեր կարեւոր են որեւէ փառատօնի համար, որովհետեւ վերջին տարիներուն փառատօներու առաքելութիւնը նաեւ շարժապատկերի արտադրութեան խթանումն է:
«Իթթիհատ Էրլայնզ»-ը Ապու Տապիէն Դէպի Երեւան
Ուղիղ Թռիչքներու Սկսաւ
«Իթթիհատ Էրլայնզ» ընկերութիւնը Երեւանէն Ապու Տապի ուղիղ թռիչքի սկսաւ: Յուլիս 3-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտարարած է վաճառքի գծով ընկերութեան փոխնախագահ Ճիմ Միւլլերը: Անոր համաձայն, ընկերութիւնը շաբաթական 4 թռիչք պիտի կատարէ Ապու Տապիէն Երեւան եւ հակառակը:
Յուլիս 3-ին «Իթթիհատ Էրլայնզ»-ը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարեց:
Հայաստան արդէն իսկ կը համագործակցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ, սակայն «Իթթիհատ Էրլայնզ»-ը առաջին ընկերութիւնն է, որ պիտի տրամադրէ ծառայութիւններու ամբողջական ծրարը: Միւլլեր նշած է, որ ընկերութիւնը շաբաթական 4 թռիչք պիտի կատարէ 136 աթոռ (16 առեւտրական կարգ) ունեցող «Airbus 320» օդանաւով: Ընդհանուր առմամբ, հայկական ուղղութեամբ շաբաթական 1088 ճամբորդներ կրնան փոխադրուիլ: «Հայաստանը մեզի համար նոր շուկայ է, եւ մենք ուրախ ենք այստեղ մուտք գործելով: Երեւանն ու Ապու Տապին հազարաւոր տարիներու ընթացքին կարեւոր երթեւեկի օղակներ ունեցած են, եւ մենք կ՛ուզենք խթանել Հայաստանի եւ Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ առեւտուրի ու զբօսաշրջութեան աճը», աւելցուցած է ան:
Նախարար Նալբանդեան Պարգեւատրած Է
Յակոբ Գույումճեանը
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 3 յուլիսին ընդունած է ամերիկահայ բարերարներ Յակոբ եւ Վերոնիքա Գույումճեանները:
Նախարար Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնած է` հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, հայապահպանման գործին մէջ ունեցած աւանդին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրներուն օժանդակելուն համար: Հայաստանի նախագահի որոշումով նախարարը Յակոբ Գույումճեանը պարգեւատրած է «Անանիա Շիրակացի» մետալով:
Նախարար Նալբանդեան երախտագիտութիւն յայտնած է` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նկատմամբ Յ. Գույումճեանին ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Նախորդ Տարուան Համեմատ «Զուարթնոց»-ի
Ուղեւորահոսքը Աւելցած Է 43 Տոկոսով
Օդային փոխադրութեան ոլորտին մէջ 2014-ի առաջին 6 ամիսներուն արձանագրուած է ճամբորդներու եւ թռիչքներու թիւի աւելի քան 25 տոկոս աճ, ինչ որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յայտարարուած «Բաց երկնքի» քաղաքականութեան արդիւնք է:
«Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութենէն «Արմէնփրէս»-ին յայտնած են, որ այս տարուան յունիսին, 2013 յունիսին հետ բաղդատելով, «Զուարթնոց»-ի մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 43 տոկոսով: Եթէ 2013-ի յունիսին օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 145,339 ուղեւոր, ապա յունիս 2014-ին այդ ցուցանիշը կը կազմէ 208,408 ուղեւոր:
Թռիչքներու թիւի աճը այդ ժամանակաշրջանին կազմած է 42 տոկոս: 2014-ի յունիսին կատարուած է 1995 թռիչք` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի 1405-ի փոխարէն: Եթէ 2013-ի յունիսին դէպի «Զուարթնոց» կանոնաւոր թռիչքներ կը կատարէին 27 օդանաւային ընկերութիւններ, անոնց թիւը այսօր հասած է 33-ի: Բացի ատկէ, օդանաւային ընկերութիւններէն շատեր աւելցուցած են իրենց թռիչքներուն յաճախականութիւնները` բոլոր ուղղութիւններով, ինչ որ պատճառ դարձած է տոմսերու գինի նուազեցման:
Օժանդակութիւն` Հայաստանի Հեռաւոր Գիւղերուն
Բրիտանիոյ հայ համայնքին նուէրը այս անգամ բաժին ինկած է Ծղուկ, Թասիկ եւ Աղիտու համայնքներու (Սիւնիքի մարզ) 105 աշակերտներու: Յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին անոնք դպրոց պիտի յաճախեն նոր պայուսակներով եւ գրենական պիտոյքներով: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:
Գիւղացիները հաւաքուած էին կիսելու դպրոցականներուն ուրախութիւնն ու անձամբ տեսնելու նուէրները:
Ծնողները գոհունակ էին, որովհետեւ այս նախաձեռնութեամբ մեծ բեռ մը իջած է իրենց ուսերէն: Անոնք յատկապէս ուրախ էին այն պատճառով, որ իրենց նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ:
Անահիտ Ղազարեան, որ անգամ մը եւս եկած էր Լոնտոնէն` նուէրները յանձնելու նպատակով, խոստացաւ օրուան բարձր տրամադրութիւնն ու ջերմ խօսքերը փոխանցել Բրիտանիոյ համայնքի զաւակներուն:
Սփիւռքի Նախարարը Պարգեւատրեց
Արա Արծրունին
Յուլիս 1-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը լիբանանահայ գրող Արա Արծրունին պարգեւատրեց «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:
Լիբանանահայ թատերագիր, արձակագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունի հեղինակ է հրապարակախօսական բազմաթիւ յօդուածներու:
Բարձր գնահատելով Արա Արծրունիին հրապարախօսական, գրական գործունէութիւնը` հայապահպանութեան, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանութեան եւ զարգացման իմաստով, նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ինծի համար կարեւորագոյնը այն է, որ Արա Արծրունին կը ստեղծագործէ հայերէն, քանի որ հայապահպանութեան գլխաւոր նախապայմանը հայերէն խօսիլն ու ստեղծագործելն է, յատկապէս` համաշխարհայնացման դարուն»:
Անդրադառնալով Արա Արծրունիի գրական ժառանգութեան` սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը նշեց, որ թատրերգութեան սեռը գրական համեմատաբար դժուար տեսակ է, եւ Արա Արծրունին ժամանակակից լիբանանահայ թատրերգութեան կենդանի դասականն է:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար` Արա Արծրունին նշեց. «Սփիւռքի նախարաարութիւնը իսկապէս կապ դարձաւ հայրենքի եւ սփիւռքի միջեւ: Սփիւռքը, որ իսկապէս կարիք ունէր Հայաստանի հետ տարածական եւ ամբողջական կապի` սփիւռքի նախարարութիւնը դարձաւ այն ամուր աջակիցը, զոր սփիւռքը կը վայելէ իր բոլոր թեւերով»:

