Ստեփանակերտի Յուշահամալիրին Մէջ` Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած Յուշակոթող

0907_Stepanakert-GenocideՄեծ եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ նախատեսուած է Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ կանգնեցնել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող: «Զանգակատուն» խորագիրով յուշակոթողին նախագիծը մշակած են ճարտարապետներ Վլադմիր եւ Միքայէլ Սարգսեանները:

«Արցախփրես»-ի լրագրողին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յուշարձանի նախագիծի համահեղինակ Միքայէլ Սարգսեան նշած է, որ նախագիծի մշակման աշխատանքները սկսած են 2 տարի առաջ, ապա Ճարտարապետական խորհուրդը 20 տարբերակներէն ընտրած է մէկը, որ իր չափերով, տեսքով ու բարձրութեամբ համահունչ է այն տարածքին, ուր նախատեսուած է կանգնեցնել յուշակոթողը:

Միքայէլ Սարգսեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ յուշակոթողի արցախեան տարբերակի կառուցման աշխատանքները արդէն մեկնարկած են: «Զանգակատունը կը կառուցուի Սզնեքի սպիտակ մարմարով եւ կ՛ունենայ 18 մեթր բարձրութիւն: Նաեւ` յուշակոթողի զանգը նախատեսուած է այնպիսի բարձրութեան վրայ, որպէսզի այն հնչեցնելը հասանելի լինի բոլոր այցելուներուն համար», դիտել տուած է Միքայէլ Սարգսեան` աւելցնելով, որ կառուցման աշխատանքները նախատեսուած է իրենց աւարտին հասցնել մինչեւ Մեծ եղեռնի 100-ամեակը:

Share this Article
CATEGORIES