Պելկէ Հրատարակչատունը Լոյս Ընծայեց «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ. Վերապրողներու Վկայութիւններ» Հատորը

«ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ, ՆԻՈՒԶ, ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

zarakolou-341Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց «Հայոց ցեղասպանութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. վերապրողներու վկայութիւններ» արխիւային փաստաթուղթերու եռահատոր հաւաքածոյի առաջին հատորին թրքերէն տարբերակը, որուն առիթով 2 յուլիսին մամլոյ ասուլիս մը տրուեցաւ Երեւանի մէջ: Ասուլիսին մասնակցեցաւ հրատարկիչը Ռակըպ Զարաքօլու, որ յայտնեց, թէ իրեն համար յատկապէս արժէքաւոր է գիրքին թրքերէն տարբերակին հրատարակութիւնը, քանի որ անիկա «Վան» հասարակական կազմակերպութեան օգնութեան շնորհիւ իրականացած աշխատանքի մը արդիւնքն է: Զարաքօլու աւելցուց, թէ Թուրքիոյ մէջ տպագրուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գերմաներէնով փաստաթուղթեր, Վերժինէ Սվազլեանի հաւաքած վկայութիւնները եւ այլ փաստաթուղթեր:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. վերապրողներու վկայութիւններ» եռահատոր ժողովածուն հայերէնով հրատարակուած էր 2012-ին: Հոն հոն Վան, Պիթլիս (Բաղէշ), Էրզրում (Կարին), Խարբերդ, Տիգրանակերտ, ՍԵբաստիա եւ Տրապիզոն նահանգներու եւ Պարսկահայքի շրջանին մէջ ցեղասպանութենէն վերապրածներու 602 վկայութիւններ: 2013-ին եռահատորէն անջատուած էին 145 վկայութիւններ, որոնք թարգմանուած ու հրատարակուած էին անգլերէն լեզուով: Մօտիկ ապագային կը նախատեսուի նաեւ հրատարակել գիրքին` ռուսերէն, սպաներէն ու ֆրանսերէն թարգմանութիւնները:

Զարաքօլու մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ողջունեց նախագահ Ս. Սարգսեանի յայտարարութիւնը` 100-ամեակի ոգեկոչման օրը Թուրքիոյ ապագայ նախագահը Հայաստան հրաւիրելու մասին:

«1965-էն ի վեր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարուին: Ցեղասպանութիւնը ի հարկէ Թուրքիոյ ամօթն է: Սպանեալները նաեւ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներն էին եւ իրաւունքներ ունէին: Ասիկա նաեւ իրաւական հարց է», ըսաւ Զարաքօլու:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի 23 ապրիլի ուղերձին, որով Էրտողան կը փորձէր հաւասարացնել  կողմերու կորուստները, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի այն յայտարարութեան, թէ պէտք է պատմութեան հանդէպ «արդար յիշողութիւն» ձեւաւորել:

Զարաքօլու այս  առնչութեամբ ըսաւ. «Տաւութօղլուի կշիռքը սխալ կը կշռէ: Եթէ նայինք, թէ 1915 ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր ի՞նչ մնացած է, ապա կը տեսնենք, որ Անատոլուի երկու միլիոն հայերը բնաջնջուած կամ հեռացուած են տարածաշրջանէն: Եթէ ցեղասպանութիւնը չպատահէր, ապա այսօր 8-10 միլիոն հայ բնակչութիւն պէտք էր ունենայինք այդ հողատարածքներուն վրայ: Ցեղասպանութիւնը միայն ապրող բնակչութեան բնաջնջումը չէ, այլ նաեւ ապագայ սերունդներու, մշակոյթի, արուեստի վերամիացումն է», շեշտեց Զարաքօլու:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES