Ազրպէյճանի Լոս Անճելըսի Հիւպատոսը Գանգատեցաւ Հայկական Լոպիներէ. Հայերը Կը Նախանձին Ազրպէյճանի Յաջողութիւններուն
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Ազրպէյճանի Լոս Անճելըսի աւագ հիւպատոսը` Նասիմի Ակայեւ, յայտնեց, թէ Ազրպէյճան ծրագրած է Քալիֆորնիոյ մէջ ներկայացուցչութիւն մը բանալ, բայց միւս կողմէ` կը նկատէ, որ հայկական լոպին Ազրպէյճանի` Ամերիկայի մէջ ունեցած ազդու ներկայութենէն եւ յաջողութիւններէն նախանձիլ սկսած է: Ակայեւ այս առիթով շեշտեց, որ Քալիֆորնիոյ մէջ կը բնակին մօտաւորապէս մէկ միլիոն հայեր, որոնք հայկական սփիւռքին քաղաքական, տնտեսական եւ վարչական կեանքին մէջ ունին ազդու դեր:
Ակայեւ յիշեցուց, որ Քալիֆորնիոյ 1983-1991 թուականներու նահանգապետը հայ մը եղած է: Այսօր Քալիֆորնիոյ նահանգային քոնկրեսին մէջ երկու, Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ մէկ հայ անդամներ կը պաշտօնավարեն: Հայեր նահանգի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ ալ վարչական մակարդակներու վրայ կարեւոր դիրքեր կը գրաւեն:
Այս իրողութիւնները շեշտելէ ետք, Ակայեւ անդրադարձաւ հայկական լոպիին կողմէ իրենց դէմ շղթայազերծուած թշնամական գործունէութիւններուն: Ըսաւ, որ դաշնակցականները տեւաբար կը շարունակեն Ազրպէյճանի դէմ արգելիչ գործունէութիւններ ցոյց տալ: «Պէտք է ըսեմ, որ անոնք Ազրպէյճանի յաջողութիւններուն կը նախանձին: Դաշնակցական խմբակներ բազմաթիւ անգամներ մեր կազմակերպած գործունէութիւնները արգիլել ջանացին: Օրինակ` 2012-ին ՆԱՍԱ-ի կողմէ առանց նաւուղիի ընթացող անջրպետանաւուն մէջ Ազրպէյճան ուզեց իր աւանդական «Մուկամի» երաժշտութիւնը տեղաւորել, բայց ատիկա հայերու արգելքին բախեցաւ: Ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի ՈՒՔԼԱ համալսարանին կողմէ, հայերու բուռն հակազդեցութեան թիրախ դարձաւ: Հայեր երբ չկարողացան իրենց փափաքը իրականացնել, այս անգամ ալ քարոզչական ցոյց ըրին», ըսաւ Ակայեւ: Ապա ան թուեց այն բոլոր արգելքները, որոնք ազրպէյճանցիներու դէմ կը կանգնեցուին Քալիֆորնիոյ մէջ: Ըսաւ, որ հայեր յունուարին Ազրպէյճանի դէմ Քալիֆորնիոյ նահանգային քոնկրեսին օրինագիծ մը ներկայացուցին: Հայկական լոպին այս օրինագծի վաւերացումին համար ամէն ինչ ըրաւ: Ազրպէյճան ալ իր կարգին բուռն բողոք ներկայացուց եւ այս օրինագծին դէմ հակաքարոզչական շարժում ստեղծեց:
Ակայեւ յայտնեց նաեւ, թէ հայկական արմատական հիմնարկութիւններ հայերէ դրամ կը հաւաքեն Հայաստանի ի նպաստ: «Անոնք դրամահաւաք իրենց ձեռնարկները կը ներկայացնեն որպէս մահու-կենաց խնդիր: Ատկէ զատ, հեռատեսիլներէն ալ նուիրատուութիւններ հաւաքելու արշաւներ կը կազմակերպեն Հայաստանին օգնելու նպատակով: Միայն թէ այդ դրամին մեծ մասը Հայաստանի կառավարիչներու ապօրինութեան շրջանակին մէջ կը կորսուի: Կառավարութեան մէջ պաշտօն ունեցող անձերը «միաձայնութեամբ» կ՛իւրացնեն այդ դրամները: Ասիկա երկար ատենէ ի վեր կը շարունակուի: Ասոր ամէնէն մեծ վնասն ալ կը կրեն ամերիկահայերն ու Հայաստանի աղքատ ժողովուրդը», ըսաւ Ակայեւ:

