Ռոտրիկեսէն Բացի. Մանչեսթըր Եունայթըտ Պիտի Փորձէ Իր Կազմին Միացնել Արթուրօ Վիթալը

Արթուրօ Վիթալ
Անգլիական «Տէյլի Սթար» պարբերաթերթին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ կը պատրաստուի մօտերս պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացնել Եուվենթուսի` ձեռք ձգելու համար անոր չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիթալը:
Անոր փոխանցման համար անգլիական ակումբը մտադիր է վճարել 50 միլիոն եւրօ, սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ անոր փորթուգալցի միջնապահը` Լուիս Նանին պիտի մեկնի հակառակ ուղղութեամբ:
Անիկա իր լուրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ ներկայ դրութեամբ Նանին այժմ կը գնահատուի 12 միլիոն եւրոյով:
Անգլիական այլ լրատու գործակալութիւն մը` Metro.co.uk կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ կը փորձէ նաեւ ձեռք ձգել Մոնաքօ ակումբին մաս կազմող քոլոմպիացի միջնապահ Ճէյմս Ռոտրիկեսը:
22 տարեկան մարզիկին համար անիկա համաձայն է վճարելու 65 միլիոն փաունտ:
Transfermarkt.de-ի համաձայն, անոր փոխանցման արժէքն է 35 միլիոն եւրօ:

