Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ Մահացաւ
Սպանական «Մարքա» պարբերաթերթը երէկ` երկուշաբթի, 7 յուլիսին յայտնեց, որ Մատրիտի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացաւ Ռէալ Մատրիտի արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանօ (88 տարեկան):
Նշենք, որ ան արդէն իսկ նախորդ շաբաթավերջին սրտի կաթուածի պատճառով մահաքունի մէջ փոխադրուած էր հիւանդանոց:
Ան արքայական ակումբին մաս կազմած է 11 տարի, ապա տարի մըն ալ եղած է խումբին գլխաւոր մարզիչը:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան երկու անգամ արժանացած է ոսկիէ գնդակի տիտղոսին:
CATEGORIES Մարզական

