2014-ի Մոնտիալ. Մարատոնային Արգիլուեցաւ Պատուոյ Թրիպիւնէն Դիտել Մրցումները
Պրազիլական կարգ մը լրատուամիջոցներու համաձայն, որոնց կարգին` «Սամպա ֆութ», արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնային արգիլուեցաւ 2014-ի Մոնտիալի մրցումները դիտել պատուոյ թրիպիւնէն:
Մարատոնա ընդհանրապէս բոլոր մրցումները կը դիտէր պատուոյ թրիպիւնէն, որովհետեւ այդ յատուկ հրաւէրը ստացած էր ՖԻՖԱ-էն:
Սակայն նկատի ունենալով, որ Մարատոնա քննադատեց ՖԻՖԱ-ն, որովհետեւ անիկա 4 ամիսով կախակայած էր ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեսը, ՖԻՖԱ-ն անոր արգիլեց պատուոյ թրիպիւն մուտք գործել Մոնտիալի մնացեալ մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական

