50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 11 ՅՈՒԼԻՍ 1961 )

ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ
ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Պուրճ Համուտի Ազգ. Կիլիկեան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսները տեղի ունեցան 25 եւ 26 յունիսին, թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի հովանաւորութեան ներքեւ:

Մանկապարտէզի հանդէսին նախագահեց Ա. Պետիրեան, իսկ նախակրթարանի հանդէսին` թաղականութեան անդամներէն Բ. Պետիրեան: Բացման խօսքը կատարեց տնօրէն Պ. Մանուկեան եւ գործադրուեցաւ խնամուած յայտագիր մը: 41 ծաղիկներ շրջանաւարտ եղան մանկապարտէզէն եւ ստացան իրենց վկայականները: Պ. Պետիրեան` գնահատելով տարուած աշխատանքը, 200 լ. ոսկի նուիրեց վարժարանին: Հետեւելով անոր օրինակին, ուրիշներ եւս նուիրատուութիւններ ըրին ի նպաստ վարժարանին:

Նախակրթարանի հանդէսի յայտագրի գործադրութենէն վերջ, տիկին Մանուկեան կարդաց 1960-1961 տարեշրջանին կատարուած աշխատանքներուն տեղեկագիրը, որմէ ի յայտ եկաւ, որ վարժարանը բեղուն տարեշրջան մը բոլորած է: Շէնքի ու կազմածի նորոգութիւններ եղած են Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան յատկացուցած կարեւոր գումարներով: 50 աշակերտներ աւելցած են ներկայ շրջանին նախորդ շրջանի թիւին վրայ: Աշակերտութեան ներկայ թիւն է 285:

Կիլիկեան վարժարանը մասնակցած է Զաւարեան Աշակերտական միութեան կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային արտասանութեան մրցումներուն եւ Ծովակ Յարութիւնեան շահած է Ա. մրցանակ, իսկ Մարիժան Թաղիքեան` Բ. մրցանակ:

Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Շ. Թորիկեան յուզիչ «Հուսկ Բանք» մը ուղղեց աւարտականներուն:

Վկայական ստացան 10 շրջանաւարտներ.- Զարմինէ Գալայճեան, Մարի Ստամպոլեան, Ալիս Տօնիկեան, Մարիժան Թաղիքեան, Մարի Մահսէրէճեան, Սեդա Սարգիսեան, Հռիփսիմէ Տէմիրճեան, Աբգար Առաքելեան, Զաւէն Մարկոսեան եւ Գօգօ Մարկոսեան:

 

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴՐԱԿԱՆ
ԵՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԵՐԵՍՆԵՐՈՎ

Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթը «Երեք հայաստաններ եւ երկու հայութիւն» խորագրեալ խմբագրականներու Ե. մասին մէջ, ի մէջ այլոց կու տայ ներկայ Հայաստանը իր դրական եւ բացասական կողմերով ներկայացնող պատկեր մը, զոր կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն.-

Հայաստանի մէջ կան անառարկելիօրէն հետեւեալ դրական եւ ժխտական երեւոյթները.-

ԴՐԱԿԱՆ`

ա.- Գիտութիւն
բ.- Ճարտարապետութիւն
գ.- Երաժշտութիւն
դ.- Պատմաբանասիրութիւն, որոնք Հայաստանի վերնախաւին – մտաւորականութեան – շնորհներն ու բարիքներն են: Իսկ ժողովուրդին – զան- գուածին կամ կոճղին իրագործած դրական երկու յաջողութիւններն են.-
ե.- Շինարարութիւն
զ.- Արտաքին սահմաններու ապահովութիւն

Ժխտական երեւոյթներն են, որոնց մասին արտայայտուելու ազատութեան շրջանը թեւակոխած ենք այլեւս:

ա.- Ներքին արտագաղթ կամ Հայաստանի բնակչութեան ամրահիմ չարմատաւորուիլը իր հայրենի հողին վրայ:
բ.- Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններու մէջ գտնուող հայութեան ազգային
անկազմակերպ վիճակը եւ անոնց հետզհետէ կտրուիլը եւ ուծանալը հայ արմատէն:
գ.- Հայկական շրջաններու (յատկապէս Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի) անջատումը եւ վերամիաւորման յետաձգումը:
դ.- «Խուլիգանութիւն» կամ հայկական Ենիչերիութեան տիրապետութիւնը, հովանաւորութեամբ մարքսիստ ֆէոտալներու:
ե.- Ռուսերէնի տարածումը ի վնաս հայերէնի. ռուսական դպրոցներ եւ հաստատութիւններ Հայաստանի մէջ (կը մնայ ճշդել ռուսերու թիւը Հայաստանի մէջ):
զ.- Հայոց հաւատքին եւ Էջմիածնի հայրապետական աթոռի իրական զօրացման հնարաւորութենէ զրկուիլը:
Է.- Հայութեան հարազատ դիմագիծի աղարտման նշաններ:
ը.- Անցեալի, յատկապէս ստալինեան շրջանի աղիտալի երեւոյթներէն ոմանց վերապրուկները:

Share this Article
CATEGORIES