ՏԱՐԲԵՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆՆԵՐ. ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱՏԵՒ ՄԻԹԸ

Թերեւս Ալպերթ Այնշթայն գիտէր աղեղ մը գործածել, սակայն շուկայի վրայ այն արտադրութիւնները, որոնք կը միտին երաժշտութիւնը օգտագործել` աւելի խելացի մանուկներ մեծցնելու համար, հաւանաբար նոյնքան արդիւնաւէտ չեն, ինչպէս կը փորձեն հաւատացնել:

ԻՐԱՊԷՍ ԿԱՊ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍՈՂԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ: ՔԷՅՄՊՐԻՃԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍ ԹԻՄ ԿԱՈՒԸՐԶ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՅ ԼԱՒ ՄՏԱԾԵԼ` ՆԱԽՔԱՆ «ՄՈՑԱՐԹԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ» ԽՈՍՏԱՑՈՂ ԽՏԱՍԱԼԻԿ ՄԸ ԳՆԵԼԸ:

Խօսակցութեան մը վերջ դնելու լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլար ձեր խօսակիցին ըսել, թէ ուսողագէտ մըն էք: Խօսակցութիւնը կրնայ կաղալով շարունակուիլ քանի մը վայրկեան եւս, սակայն գրեթէ միշտ դատապարտուած կը մնայ լրումի: Այսուհանդերձ, գոյութիւն ունի հրաշք դարման մը. խօսակիցին յայտնել, թէ միաժամանակ ուսողագէտ էք եւ երաժիշտ: Նոյնիսկ անոնք, որոնք ոչինչ գիտեն ուսողութեան մասին, լսած են, թէ ուսողութեան կարողութիւնը զարմանահրաշ եւ անհաւատալի կերպով կապ ունի երաժշտական կարողութեան հետ:

Իբրեւ ուսողագէտ մը, որ ունի երաժշտական լայն հետաքրքրութիւններ եւ հասակ նետած է երաժիշտներու ընտանիքի մը մէջ, բազմաթիւ առիթներով լսած եմ ինծի ուղղուած այս հարցումը: Սակայն գէշ լուր մը ունիմ ձեզի տալիք. թէեւ գոյութիւն ունին կարգ մը բացայայտ նմանութիւններ ուսողութեան եւ երաժշտական գործունէութեան միջեւ, թէեւ երաժշտական բազմաթիւ կրկնօրինակներ կարելի է լայնօրէն վերլուծել ուսողութեան միջոցով, սակայն տակաւին ոչ մէկ համոզիչ փաստ գոյութիւն ունի խորհրդաւոր եւ կախարդական այն կապին մասին, որուն կը թուի, թէ կը հաւատան շատերը: Այստեղ մասամբ նկատի ունիմ «Մոցարթի ազդեցութիւնը», որուն համաձայն, այն մանուկները, որոնք Մոցարթի երաժշտութիւնը կ՛ունկնդրեն, ենթադրաբար աւելի խելացի են, ներառեալ` ուսողութեան մէջ, քան թէ անոնք, որոնք Մոցարթ չեն ունկնդրեր: Դժուար չէ պատկերացնել, թէ ինչո՛ւ նման տեսութիւն մը ժողովրդականութիւն պիտի վայելէր. բոլորս պիտի ուզէինք աւելի լաւ արդիւնք արձանագրել ուսողութեան մէջ` առանց որեւէ ճիգ թափելու: Սակայն շատ աւելի համեստ էր եզրակացութիւնը այն փորձարկութեան, որ սկիզբը առաջնորդած էր «Մոցարթի ազդեցութեան» լայնատարած հաւատքին, իսկ այժմ մեծապէս չափազանցուած է արդէն: Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր ուղեղը աւելի լաւ աշխատի, ապա զարմանալի չէ, որ պէտք է քիչ մը ճիգ թափէք: Գոյութիւն չունի այսպէս կոչուած տեւաբար գործող մտային մեքենայ մը: Նորածիններու համար պատրաստուած Մոցարթի խտասալիկներն ու այն խաղալիքները, որոնք կը մէկտեղեն ուսողութիւնն ու երաժշտութիւնը, կրնան օգտակար դառնալ, սակայն` ոչ շատ, իսկ անոնց ազդեցութիւնը պարզապէս ժամանակաւոր է:

Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, թէ հետաքրքրական կապ մը գոյութիւն չունի ուսողութեան եւ երաժշտութեան միջեւ: Միշտ ալ քիչ մը անհաւանական կը թուէր, թէ Մոցարթի «Այնը քլայնը նախթմուզիք»ը ծուլօրէն ունկնդրելը բաւարար էր` յաջորդ օրուան ուսողութեան քննութեան մէջ յաւելեալ նիշեր ապահովելու համար: Հապա՞ երաժշտութիւն կարդալ սորվիլը կամ ժամեր տրամադրելը դաշնակ նուագելու վարժութեան: Ասիկա իրական ճիգ կը պահանջէ: Արդեօք այս ճիգին արդիւնքը կը տարածուի՞ մտային այլ մարզերու վրայ եւս, մասնաւորաբար` ուսողութեան: Արդեօք ապացուցուա՞ծ է, թէ այն անձերը, որոնք մեծ ճիգ կը թափեն լաւ արդիւնքներ արձանագրելու համար երաժշտութեան մէջ, աւելի լաւ են ուսողութեան մէջ, քան թէ անոնք, որոնք ամբողջութեամբ երաժշտութենէ հեռու են: Եւ միւս կողմէ` արդեօք ուսողագէտներ միջինէն աւելի լա՞ւ են երաժշտութեան մէջ:

Այս ձեւի կապ մը ապացուցելը այնքան ալ դիւրին չէ, ինչպէս պիտի կարծէին շատեր: Նախ` կան ուսողութենէ հեռու բազմաթիւ երաժիշտներ եւ ականջ չունեցող ուսողագէտներ: Հետեւաբար, լաւագոյնը, որ կարելի է յուսալ, դրական յատկանշական կապի մը ապացոյցը պիտի ըլլար այս երկու մարզերուն բնորոշ ներքին կարողութիւններուն միջեւ: Ապա նման փորձէ մը ետք պիտի դիմագրաւէինք վիճակագրական կապ մը հաստատելու բոլոր ծանօթ մարտահրաւէրները: Օրինակ, եթէ կ՛ուզենք ապացուցել, թէ արհեստավարժ ուսողագէտներ միջին հաշուով ուրիշներէ աւելի լաւ են երաժշտութեան մէջ, ապա պէտք է լրջօրէն որոշել, թէ որո՞նք են այդ «ուրիշները»: Կարելի է մտածել, թէ շատ աւելի հաւանական է եւ միջին համեմատութենէն աւելի, որ արհեստավարժ ուսողագէտ մը կու գայ այնպիսի ընտանիքէ մը, ուր կարեւոր տեղ կը յատկացուի երաժշտութեան` իբրեւ մանուկին կրթութեան մէկ մասին: Հետեւաբար միայն այս պատճառով կարելի է ակնկալել գէթ «անցեալէն եկող կապ մը» երկուքին միջեւ: Ուրեմն շատ բան կարելի չէ փաստել` արհեստավարժ ուսողագէտները բաղդատելով բնակչութեան մնացեալ մասին հետ: Նման ազդեցութիւններ բնորոշելն ու զանոնք հակակշռելը դժուար է, եւ որքան որ գիտեմ, ցարդ գոյութիւն չունի իրապէս համոզիչ ուսումնասիրութիւն մը, որ ապացուցած է, թէ երաժշտական կարողութիւնը կը խթանէ ուսողական կարողութիւնը կամ հակառակը:

Այսուհանդերձ, կարելի չէ առանց կռիւի հրաժարիլ այն հաւատքէն, թէ այս երկուքը իրարու կապուած են հետաքրքրական ձեւով մը: Չեմ կրնար անտեսել այն երեւոյթը, թէ ինծի ծանօթ ուսողագէտներուն շարքին զարմանալիօրէն մեծ է թիւը անոնց, որոնք իրապէս լաւ դաշնակ կը նուագեն (ի դէպ, ցարդ չէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որ ապացուցէ, թէ արդեօք ուսողագէտներ երաժշտական այլ գործիքներէ աւելի՞ կը ներգրաւուին դէպի դաշնակը: Ինծի ծանօթ ուսողագէտները, որոնք բացառիկ կը նուագեն, դաշնակահար են, բացի` մէկ անձէ): Մինչ կը սպասենք, որ գիտական ապացոյցներ փաստեն մանրավիպային ապացոյցները, անդին` կարելի՞ է գէթ վիճիլ, թէ պէտք է, որ հաւանական կապ մը գոյութիւն ունենայ երկու բնագաւառներուն միջեւ:

Իրօք, կարելի՛ է: Նախ պէտք է ըսել, թէ ուսողութիւնն ու երաժշտութիւնը կապ ունին վերացական կառոյցներու հետ: Հետեւաբար, եթէ լաւ ենք անոնցմէ մէկուն մէջ, ապա հաւանական է, որ լաւ դառնանք նաեւ շատ աւելի ընդհանուր բանի մը մէջ, ինչպէս` վերացական կառոյցներ հասկնալու, ինչ որ կ՛օգնէ լաւ արդիւնքներ արձանագրելու նաեւ միւսին մէջ: Եթէ այս մէկը ճիշդ է, ապա ցոյց պիտի տայ կապ մը ուսողական եւ երաժշտական կարողութիւններուն միջեւ, սակայն` ոչ այն խորհրդաւոր կապը, զոր կ՛ակնկալեն մարդիկ: Անիկա շատ աւելի պիտի նմանի ֆութպոլ խաղալու եւ քրիքեթ խաղալու անհրաժեշտ կարողութիւններուն: Այս երկու մարզախաղերէն մէկուն մէջ լաւ արդիւնքներ արձանագրելու համար հարկ է բարելաւել ֆիզիքական կազմն ու կապակցութիւններ գտնելու կարողութիւնը: Ասիկա կը բարելաւէ մեր կարողութիւնը մարզական աշխարհին մէջ ընդհանրապէս, հետեւաբար հաւանաբար կ՛օգնէ նաեւ լաւ արդիւնքներ արձանագրելու այլ մարզախաղի մը մէջ:

Անշուշտ վերացական կառոյցները սահմանափակուած չեն միայն ուսողութեան եւ երաժշտութեան մարզերուն մէջ: Երբ կը սորվինք օտար լեզու մը, ապա կարիքը ունինք հասկնալու անոր քերականութիւնն ու շարադասութիւնը, որոնք վերացական կառոյցներու գլխաւոր օրինակներ են: Այսուհանդերձ, չենք լսեր, թէ մարդիկ խորհրդաւոր կապ մը կը փնտռեն ուսողութեան կարողութեան եւ լեզուագիտական կարողութեան միջեւ: Պատճառը այն է, թէ կապը գոյութիւն ունի, սակայն ոչ` խորհրդաւորութիւնը: Հետեւաբար, զարմանալի չէ, որ ուսողագէտները միջինէն շատ աւելի դիւրին կ՛ըմբռնեն քերականութիւնը: Ի տարբերութիւն` երաժշտութիւնը սերտօրէն առնչուած է անձի մը զգացումներուն հետ եւ կարելի է զայն վայելել, նոյնիսկ երբ շատ քիչ բան գիտենք անոր մասին: Այս առումով` անիկա շատ տարբեր է ուսողութենէն: Հետեւաբար երկուքին միջեւ որեւէ կապ մը հաճելի հակասութիւն մը կը պարզէ:

Հակասութեան այս երեւոյթը վանելու համար պահ մը նկատի ունենանք օրինակ մը ներհուն այն ընդհանուր կարողութեան, որ կը ծառայէ միաժամանակ երաժշտութեան եւ ուսողութեան. ասիկա կապակցութիւններ գտնելու վերաբերող խնդիրներ լուծելու կարողութիւնն է: Անոնց կը հանդիպինք խելացութիւնը չափող քննութիւններու մէջ (եթէ ինքնաշարժը կապ ունի կառատան հետ, ապա օդանաւը կապ ունի ինչի՞ հետ): Սակայն նման խնդիրներու բնոյթը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ երաժշտութեան եւ ուսողութեան մէջ: Օրինակ, նկատի ունենանք «Այնը քլայնը նախթմուզիք»ի առաջին երկու երաժշտական տողերը (եթէ ծանօթ չէք այս կտորին, ապա թերեւս պիտի դիւրանար զայն ճանչնալը` յիշելով, թէ անիկա շարունակ կը նուագուի Ռայանէյրի թռիչքներուն ընթացքին): Երկրորդ նախադասութիւնը յստակ պատասխան մըն է առաջինին: Սակայն կարելի է աւելի ճշգրիտ ձեւով բացատրել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ասիկա: Եթէ փորձենք երեւակայել որեւէ այլ երկրորդ տող մը, ոչ մէկը «ճիշդ» կը թուի, որքան` Մոցարթի ընտրութիւնը: Հետեւաբար, ի՞նչ է այն հարցումը, որուն ճիշդ պատասխանն է երաժշտական այս տողը: Կարելի է այս մէկը բացատրել հետեւեալ ձեւով. «Առաջին տողը լայն տարողութեամբ կը բարձրանայ եւ կ՛օգտագործէ Ճի. մէյճըր ձայնաստիճանի յատուկ խազեր: Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ըլլայ համապատասխան տողը, որ լայն տարողութեամբ կ՛իջնէ վար եւ կ՛օգտագործէ Տի. 7-ի մը յատուկ խազեր»: Երաժշտութիւնը լեցուն է նման փոքր առեղծուածային խնդիրներով: Եթէ ատակ ենք լուծելու զանոնք, ապա, երբ կ՛ունկնդրենք կտոր մը, մեր ուղեղը տեւաբար կը լարուի ակնկալութիւններով: Անշուշտ երաժշտական լաւագոյն պահերը կ՛ապրինք, երբ մեր ակնկալութիւնները սխալ դուրս կու գան, սակայն, եթէ սկիզբէն ակնկալութիւններ չունինք, ապա կը կորսնցնենք երաժշտութիւնը վայելելու հաճոյքը:

Նկատի ունենանք ուսողութեան մէջ հետեւեալ օրինակը: Լաւ պիտի ըլլար, եթէ փորձէիք զայն լուծել` նախքան պատասխանը կարդալը: Բազմապատկումի մէջ ո՞ր թիւը կը համապատասխանէ գումարումի մէջ զերօ թիւին: Նոյնիսկ եթէ ուսողութեան հակում չունիք, հաւանաբար գիտէք, թէ զերոն յատուկ թիւ մըն է, սակայն երբեք չէք մտածած, թէ ինչո՞ւ: Հարցումը ձեզմէ կը պահանջէ զերոն առնչել գումարումի ընդհանուր գործողութեան հետ: Այլ Խօսքով` կը պահանջէ, որ բնորոշէք, թէ ինչո՛ւ զերոյին դերը բոլոր թիւերէն տարբեր է թիւեր գումարելու խաղին մէջ: Այս դերը հետեւեալն է. թիւի մը վրայ զերօ գումարելը ոչինչ կը փոխէ: Եթէ կ՛ուզենք լուծել խնդիրը, ապա կարիքը ունինք համապատասխան բացատրութեան մը` բազմապատկումի վերաբերեալ: Եւ կայ նման բացատրութիւն մը. թիւ մը մէկով բազմապատկելը ոչինչ կը փոխէ: Հետեւաբար պատասխանը 1-ն է:

Ասիկա պատմութեան վերջը չէ: Եթէ այլաբանութիւնը շատ աւելի հեռու տանինք, կը սկսինք յայտնագործել թուանշանակներու (լոկարիթմ) եւ համեմատութիւններու (էքսփոնենշըլ) տեսութիւնները: Շատերուն համար թուանշանակները այն կէտն են, ուր այլեւս անոնց կապը կը խզուի ուսողութեան հետ: Անոնք, որոնք ատակ են լուծելու «Ա.ը ինչ կապ ունի Բ.ի հետ, ինչպէս Գ.ը կապ ունի Դ.ի հետ» տեսակի խնդիրներ, նուազ հակամէտ են իյնալու թուանշանակներու բարդ ոլորտին մէջ: Նոյնը կարելի է ըսել իրերայաջորդ բազմաթիւ բարդ ոլորտներու մասին:

Շատ աւելի նուազ հետաքրքրական է այն հարցումը, թէ արդեօք ուսողութեան կարողութիւնը կապ ունի՞ երաժշտական կարողութեան հետ, քան` նմանօրինակ, սակայն աւելի մասնայատուկ հարցումներ: Արդէն նշեցի, թէ ուսողագէտներ աւելի հաւանական է, որ ներգրաւուին դէպի դաշնակը, քան` երաժշտական այլ գործիքներ: Արդեօք անոնք աւելի կը ներգրաւուին դէպի որո՞շ երաժիշտներ, օրինակ` Պախ: Արդեօք երաժշտական հակում ցուցաբերող ուսողագէտները աւելի կը ներգրաւուին դէպի ուսողութեան որո՞շ դաշտեր: Արդեօք ուսողագէտներ աւելի վերլուծակա՞ն ձեւով երաժշտութիւն կ՛ունկնդրեն` «Ա.ը ինչ կապ ունի Բ.ի հետ, ինչպէս Գ.ը կապ ունի Դ.ի հետ» տեսակի խնդիր մը լուծելու պէս, փոխանակ պարզապէս անձնատուր դառնալու իրենց զգացումներուն: Կարելի է երեւակայել բազմաթիւ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ եւ փորձարկութիւններ, զորս կարելի է իրականացնել: Սակայն առայժմ ասիկա չպեղուած վայր մըն է, ուր միայն կրնանք ենթադրութիւններ կատարել:

 

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ, ԵՐԲ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ
ԿԸ ԴԱԴՐԻ ՆՈՒԱԳԵԼԷ

ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԵՐ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ: «ՍԹԵՆՏՓՈՅՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԱՅՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԾ ԵՆ ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԽԱՄՐՈՒՄԻՆ (ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԱՅՍ ՄԱՍԸ ՏՈՒԱԾ ԷԻՆՔ ՈՒՐԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒՈՎ): ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐԸ ԱՅՍ ԵՐԵՒՈՅԹԷՆ ԱՆԴԻՆ ԵՐԹԱԼՈՎ` ԿԸ ՓՈՐՁԷ  ՓՆՏՌԵԼ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԱՅՆ ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ, ԹԷ ԱՐԴԵՕՔ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԵՒ ԱՐԴԵՕՔ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԱՆՈՆՑ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԸ: ՍՏՈՐԵՒ` ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՀԵՒՔԷՆ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՆԿԱՏՈՂ ԱՆՈՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ:

Նուագախմբային վերակենդանացումի նշաններ կարելի է գտնել միայն Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, ուր ճափոնցի հանդիսատեսներ տակաւին կը մնան հաւատարիմ` հակառակ տնտեսական եւ բնութեան աղէտներուն: Չինաստան կը ստեղծէ տարին 6 նուագախումբ, իսկ Հարաւային Քորէայի մէջ Սէուլի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը առաջին ոչ եւրոպական եւ ոչ ամերիկեան նուագախումբն է, որ շահած է ձայնագրութեան առաջնակարգ ընկերութեան մը` Տէոչէ Կրամոֆոնի հետ պայմանագրութիւն մը: Քորէայի մէջ դասական ձայնագրութիւններու վաճառքը ամէնէն բարձրն է աշխարհի տարածքին եւ կը կազմէ ձայնագրութիւններու ընդհանուր շուկային 18 առ հարիւրը: Համեմատութիւնը 2 առ հարիւր է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ասոնք քաջալերական նշաններ են եւ յայտնապէս նշանակալից նոր ուղղութիւն մը կը ներկայացնեն նուագախմբային գործունէութեան կորիզին մէջ: Սակայն աւելի մօտէն դիտուած` կը տեսնենք, թէ Ասիոյ մէջ նկատուած մղիչ ուժը արդիւնք է տեղական պատճառներու, ինչպէս ներքաղաքային մրցակցութիւններ` Չինաստանի տնտեսութեան մէջ, ինքնազարգացումի հակումներ` Քորէայի մէջ: Այն հարցումը, թէ 21-րդ դարուն ո՞վ կարիքը ունի նուագախումբի մը, կարելի չէ վերծանել ազգային առանձին երեւոյթներով: Հետեւաբար կը վերադառնանք նոյն հարցումին. ո՞վ կարիքը ունի սիմֆոնիք նուագախումբի եւ արդեօք կրնա՞յ գոյատեւել անիկա:

Հիմնական պահանջները կը մնան նոյնը: Երաժիշտներ նուագախումբի կարիքը ունին` քաղաքին մէջ իրենց ապրուստը ապահովելու համար: Թերեւս մեծ եկամուտ մը չեն ապահովեր անոնք: Լոնտոնի մէջ բազմաթիւ երաժիշտներ կը շահին տարին նուազ քան 30 հազար սթերլին: Անոնցմէ ոմանք վերածուած են թաքսիի վարորդի: Այսուհանդերձ, անոնք կը յարատեւեն` խանդավառ կոչումով, որովհետեւ հաճոյք կը ստանան, կը հաւատան իրենց գործին եւ իրենց կրթութեան (30 տարիէ ի վեր բրիտանական կառավարութիւններ ի զուր կ՛արծարծեն այն հարցը, թէ արդեօք չափէն աւելի մե՞ծ թիւով երաժշտական քոլեճներ կը պահենք):

Պելֆասթի, Պըրմինկհամի, Պոռնմըթի, Քարտիֆի, Կլասկոյի, Լիծի, Լիվըրփուլի, Մանչեսթըրի եւ Նիւքասըլի մէջ երաժիշտներ տարին նուազ քան 30 հազար սթերլին կը շահին, սակայն ամոլ մը, որ կը նուագէ նուագախումբի մը մէջ, կրնայ հանգիստ կերպով պահել ընտանիք մը եւ վայելել աւելի բարձր մակարդակի կեանք մը, քան` ճարտարարուեստական մեծ քաղաքներու մէջ: Անոնք նաեւ կրնան վայելել ընկերային աւելի բարձր դիրք եւ ճանաչում, ինչպէս նաեւ` ունենալ անձնական դասեր տալու եւ սենեկային երաժշտութիւն նուագելու աւելի լայն կարելիութիւններ: Ընդհանուր գիծերու մէջ այնքան ալ վատ կեանք մը չէ ասիկա, եւ տեղական շրջանակներու մէջ ստեղծուած հպարտութեան զգացումները կրնան ոգի ներշնչել շրջանային տարածքներու մէջ գործող երաժիշտներու. երեւոյթ մը, որուն հազուադէպօրէն կը հանդիպինք մայրաքաղաքներու մէջ: Երբ Լիվըրփուլի սիմֆոնիք նուագախումբը շրջապտոյտի կը ձեռնարկէ, իրեն հետ կը տանի համակիրներու «վակոն» մը:

Քաղաքի մը համար նուագախումբի մը արժէքը հպարտութեան եւ ինքնարժեւորումի հարց է: Եթէ Ֆիլատելֆիա պիտի կորսնցնէ իր երաժշտութիւնը, ապա միջազգային այս քաղաքը պիտի դիմագրաւէ մոռացութեան մատնուելու վտանգը: Ցարդ յայտնի չէ, թէ արդեօք այս վտանգը բաւարա՞ր է քանի մը միլիոն տոլար աւելի գանձելու անոր ամէնէն հարուստ քաղաքացիներէն եւ ապահովելու քաղաքին սիմֆոնիք նուագախումբին յարատեւութիւնը:

Քաղաքային շահերու ետին կայ նաեւ ընկերային միասնութեան կարելիութիւնը: Պլպլացող աչքերով երգչախմբային ղեկավար Կարեթ Մալոն պատկերասփիւռի շարք մը յայտագիրներու մէջ ցոյց տուած է, թէ երաժշտութիւնը կարողութիւնը ունի շրջելու կեանքը անոնց, որոնք իրենք զիրենք լքուած կը զգան ընկերային այլ կազմակերպութիւններու կողմէ: Մալոն ներգրաւած է տարբեր տարիքի եւ տարբեր խաւերէ անձեր, երիտասարդական ակումբներէ մինչեւ զօրանոցներու մէջ, եւ զանոնք համախմբած է Լոնտոնի արուեստներու կեդրոն Իսթ Էնտի համայնքային մէկ ծրագիրին` Լոնտոնի սիմֆոնիք նուագախումբին շուրջ` երաժշտական գործունէութիւն մը ընձեռելով անոնց: Նման նախաձեռնութիւն մը կարելի չէր իրականացնել առանց այս ծրագիրին կեանք տուող նուագախումբի մը: Լոնտոնի սիմֆոնիք նուագախումբը ճամբայ բացած է նոր ուղղութեան մը, իր երաժիշտներուն համար ստեղծելով առիթներ` նուագելու համերգասրահներէ դուրս, ինչպէս` հիւանդանոցներու, բանտերու մէջ վերակազդուրման կեդրոններու, անսամպլներու եւ դարմանումի ծառայող երաժշտական ուսուցման ծրագիրներու մէջ: Այս բոլորին մաս կազմող երաժիշտները որեւէ ժամանակէ աւելի հարուստ աշխատանքային կեանք մը կ՛ապրին եւ քաղաքը մեծապէս կ՛օգտուի անոնցմէ:

Վերամիացած Պերլինի գաղթական եկուորներու հաւաքականութիւններուն մէջ խմբավար Սայմըն Ռաթըլի ծրագիրները նմանօրինակ արձագանգներ ունին: Լոս Անճելըսի տարածքին Տուտամըլ խորհրդանիշ է ընկերային խաւերու ներգրաւումին` խոր ցնցումներով յատկանշուած քաղաքի մը մէջ: 20-րդ դարու նուագախումբ մը աւելին է, քան` իր տարբեր մասերուն ամբողջութիւնը, աւելին, քան ինչ որ կրնայ ընդունիլ ականջը: Անիկա խորապէս հիւսուած է ընկերային խաւերու մէջ. այնքան խոր, որ զայն փակելը գրեթէ անկարելի կը դառնայ:

Լուըվիլի նուագախումբը կը փորձէ դուրս գալ սնանկացումի դէմ իր պաշտպանութեան հովանիէն: Սիրաքիուզ կը փորձէ կազմել իր նոր կիսաժամ նուագախումբը: Ռէոյի տուն ուղարկուած երաժիշտները վերամիացած են` ստեղծելու համար իրենց անկախ անսամպլը: Կարելի է փակել սրահ մը, սակայն կարելի չէ փակել լաւ նուագախումբ մը: Միշտ ալ պիտի գտնուին հանդիսատեսներ, որոնք պիտի փափաքին լսել անոր մատուցած երաժշտութիւնը:

Եւ ինչո՞ւ այդպէս է: Որովհետեւ ինթըրնեթի եւ վայրկենական թուիթի այս դարուն համերգասրահը այն սակաւաթիւ վայրերէն է, ուր հասանելի չենք, ուր կրնանք անջատել մեզ կեանքին կապող հաղորդակցութեան գիծերը եւ անձնատուր դառնալ բանի մը, որ աւելի քան մէկ ժամ մեզի թոյլ պիտի չտայ իրմէ հեռանալ: Սիմֆոնիք նուագախումբը մեր փրկութիւնն է հաղորդակցութեան մոլութենէն: Անիկա մեզի կը պարտադրէ կամայ թէ ակամայ դէմ դնել պատասխանելու պահանջին: Անիկա դարմանն է հակազդելու մեր մարմաջին, մեր ինքնակործան հեւքին: Որքան աւելի մեծ թիւով համերգներու ներկայ ըլլանք, այնքան աւելի կ՛անդրադառնանք, թէ ինչպէ՛ս անոնք կը վերականգնեն հաւասարակշռութիւնը մեր բազմազբաղ կեանքին մէջ: Հաւանաբար իբրեւ ընկերութիւն որեւէ ժամանակէ աւելի այսօ՛ր կարիքը ունինք սիմֆոնիք նուագախումբին: Պէտք է յառաջիկայ երկու կամ երեք դժուար տարիներուն արդէն պատկերացնենք, թէ ինչպէ՛ս նիւթական աղբիւրներ պիտի ապահովենք եւ զայն պահպանենք` արուեստի մրցակից մարզերու եւ մեր ուշադրութիւնը ցրուող թուային (տիճիթըլ) մարտահրաւէրներուն դիմաց: Երբեւիցէ նման սուր մրցակցութիւն գոյութիւն չէ ունեցած` ենթադրաբար ժամանցի յատկացուած մեր իւրաքանչիւր մետասաներորդ երկվայրկեանին համար:

Այսուհանդերձ, 30 տարիէ ի վեր, նուագախմբային վերիվայրումներուն հետեւելէ ետք, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի մէջ միայն մէկ նուագախումբ ունենալու Արուեստներու խորհուրդին  յայտարարութենէն շուրջ կէս դար ետք, կարելի է յանգիլ հետեւեալ եզրակացութեան. սիմֆոնիք նուագախումբերը միշտ ալ պիտի գոյատեւեն, ոչ միայն այն հնամենի վիճարկութեան պատճառով, թէ «լաւ երաժշտութիւն» ունկնդրելը «օգտակար» է մեզի համար, ոչ ալ` այն տեսութիւններուն, թէ դասական երաժշտութիւնը կ՛օգնէ դաստիարակելու խելացի զաւակներ կամ աւելի լաւ քաղաքացիներ, այլ` պարզապէս որովհետեւ գոյութիւն ունի մարդկային խորապէս համոզիչ կարիքը այն բոլորին, որ նուագախումբ մը կրնայ պարգեւել` իբրեւ փրկութիւն քաղաքային կեանքի հեւքէն: Այս կարիքը շատ աւելի յստակ կը դառնայ, մինչ աշխարհը կ՛արագանայ:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES