Մոնտիալը Եւ Լիբանանցին. Խածնելու Եւ Ողնայար Ջարդելու Արուեստը Ֆութպոլով
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Աշխարհի ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն ստեղծած մարզախաղը ֆութպոլն է` կ՛ըսեն: Աշխարհի ամէնէն աւելի փնտռուած կամ ապրուած ժամանցը ֆութպոլը ըլլալու է:
Աշխարհի ամէնէն շատ հռչակուած, անունը միտք պահուած երիտասարդը` ֆութպոլով հռչակ շահած երիտասարդներն են: Նոյնիսկ մեծ մանուկները, պատանիները հետաքրքրուած են ֆութպոլով, ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնց ներկայութեան խօսուող ամէնէն հետաքրքրական թեման ֆութպոլն է: Երեխաներ, պատանիներ իրենք եւս խաղցողը կը ճանչնան: Գոց սորված են անունները, տարազներու գոյները գիտեն, եւ` ուրիշ մանրամասնութիւններ:
Ամէնէն աւելի խօսուած ու լսուած, ամէնէն աւելի զարգացած մշակոյթը ֆութպոլն է ուրեմն…
Ամիսէ մը ի վեր 5 յունիսէն ի վեր ամբողջ աշխարհ կը հետեւի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Պրազիլի մէջ: Ամսուան տաք գիշերներուն մեզ արթուն պահեցին ֆութպոլասէրները, հայն ու ոչ հայը, նոյնիսկ` կիները, ամբողջ լիբանանցիները: Թաղերու, փողոցներու մէջ կազմակերպուեցան ու տեղադրուեցան Մոնտիալի խաղերը դիտելու պաստառներ, երբեմն` հանդիսաւոր նստավայրեր, գաւաթ մը ոգելից ըմպելիի, զովացուցիչի եւ մանաւանդ կլկլակի հոտաւէտ շիշերով: «Էրկիլէ»-ն պատուի եղաւ ֆութպոլիստներուն համար` յաւելեալ ներշնչումով դիտելու ֆութպոլիստները, որոնց անունները եւ շապիկին գոյնն ու անոր վրայ փակցուած թիւերը արդէն գիտեն: Եթէ ֆութպոլասէրի մը, մանաւանդ նորափետուր պատանիի մը հարցնես, թէ ո՞վ է Կոմիտասը, Նարեկացին կամ Պարոյր Սեւակը, լուռ կը մնան եւ կը զարմանան, թէ նման հարցում մը ուղղած ես իրեն: Անոնք գիտեն, թէ ովքե՛ր են խածան ուրուկուէյցի Սուարեզը եւ զոհ մարզիկը:
Հիանալի առիթներ կը ստեղծեն Մոնտիալները: Մրցակցութիւն, երկիրներու եւ անոնց խումբերուն հանդէպ յարգանք, սէր ու պաշտամունք, անոնց դրօշներով ցերեկին եւ գիշերին շրջապտոյտներ` ինքնաշարժներու շարասիւներով, պոռչտուքներով, հայհոյանքներով եւ ջղայնացնող ճչակներու աղմուկով: Եթէ գիշերային ժամերուն է մրցումը, եկո՛ւր քնացի՛ր: Յանկարծ` ահաւոր ձայն մը փողոցին միւս ծայրէն եւ նոյն ատեն դրացիիդ վարի յարկէն.
– Կո՜լ…
Մրցումը մեկնաբանող, բացատրող շատախօսին կոպիտ ձայնէն զատ այս կոլերը աղմկարար: Օձէն խայթուածի պէս տեղէդ կը ցատկես անկողինիդ մէջ, ալ քունդ կը փախչի… արշալոյսը կ՛ուշանայ:
Դրացիս կը պատմէ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի բակին մէջ զետեղուած պատկերասփիւռի պաստառին մասին.
– Լաւ ժամանակ կ՛անցընենք, իրարու հետ կը խօսինք մեր համակրած խումբերուն մասին: Կիներ ալ կան, բայց կը զարմանամ, որ հայ կիներն ալ էրկիլէին վարժուեր են, հիմա էրկիլէին ցուցադրութիւնն ալ մոտա եղեր է…
Այս օրերուն ամէնուն շուրթերուն վրայ Մաթէոսին տղուն խանութին առջեւ ցուցադրուող կենդանի ժապաւէնները:
– Դեռ չճանչցա՞ր մը, պէ՜, Մաթէոսին տղուն խանութին առջեւ քեպապ կ՛ուտեն, յետոյ կը կռուին Պրազիլի եւ Գերմանիոյ համակիրները: Մաթէոսին տղան Գերմանիան կը սիրէ, իսկ զինք ջղայնացնել ուզողները գիշեր ցերեկ առիթ կը գտնեն Գերմանիան արատաւորելու:
– Պիտի պարտուի Գերմանիան, Մաթէո՛ս, դրօշակը վար ա՛ռ…
Ֆոլքլորիք տեսարան մը ծայր կու տայ: Կատակները կը համեմուին «անմեղ» հայհոյանքներով:
Տեղացիներն ալ ունին իրենց մաթէոսները: Կը ծաղրեն երգերով, մէկը միւսին սիրած խումբը նուաստացնելով:
– Ծօ՛, քու այդ Ուրուկուէյի խաղցողը խածան շան կը նմանի: Յաղթելու համար կը խածնէ իր հակառակորդ ֆութպոլիստը:
– Հելէ այդ Մէյմարին ողնայարը փշրող-ջարդողը: Պարզապէս վայրագութեան ցուցադրութիւն է ֆութպոլ ըսուածը: Եւ այդ խածանները միլիոններով տոլարներ կը գանձեն,- կ՛ըսեն իրարու:
Այս պարագային ծայր կու տայ ֆութպոլիստներուն տրամադրուած միլիոններով տոլարներու հաշիւը.
– Տղան 24 տարեկան է, միլիոնատէր եղեր է…
– Եթէ կրնաս, դուն ալ եղիր անոր նման ֆութպոլիստ, Մոնտիալ այնքան սպասուած եւ վայրագութիւն, մարդակերութիւն, իրարու միս ուտելու:
Իբրեւ զարմացնող արարք այս տիրապետող փուճ մշակոյթին/ ատանկ մի՛ ըսեր,, ֆութպոլը ամէնէն գեղեցիկ մարզախաղն է/…, Երանի՜ թէ այդպէս ըլլար/…:
Յաւարտ Մոնտիալի, հարցումներ` անքուն գիշերներ անցնողներուն, Մաթէոսի տղան ջղայնացնողներուն, հազարաւոր տոլարներով պայթուցիկով հրավառութիւն ընողներուն, իրենց թոքերուն ծուխ ներարկող էրկիլէ ներծծող արանց եւ կանանց, իրենց դրացիները անքուն պահող, գէշ երազ մը տեսնողի նման կոլ գոռացողներուն, թէ` ի՞նչ սորվեցաք այս մրցումներէն, սադրանքներ կազմակերպող ֆետերասիոններէն, դրամով մարզիկ գնող եւ ծախող կաշառակերներէն, ի՞նչ հասկցաք… Բան մը սորվեցա՞ք, իմաստութիւն մը, գեղեցիկին ապրումը… Եթէ երաժշտութիւն ունկնդրէիք, ձեր սիրտը պիտի ազնուանար, եթէ գիրք մը կարդայիք, մարդկային կեանքի մը կենսափորձէն դաս կը քաղէիք, է՜հ… եթէ թատրոն երթայիք կամ գեղեցիկ ժապաւէն մը դիտած ըլլայիք, մարդկային զգացողութիւնը ազնուաբար կը հրճուէր: Ի՞նչ սորվեցուց Մոնտիալը ձեզի: Մայրաքաղաքներու անունները ձեր միտքը մնացի՞ն, Ամերիկաներու եւ Եւրոպաներու մարզիկները ի՞նչ ըսին ձեզի: Ալճերիան ի՜նչ լաւ խաղ ցուցադրեց, ինչո՞ւ ձախողեցաւ:
Ողբամ զքեզ, Հայո՛ց աշխարհ, ըսած է իմաստուն հայ մը վաղուց:
Ուրե՞մն: Ի՞նչ մնաց ֆութպոլէն լաւագոյն յիշատակ. խածան ուրուկուէյցի մարզիկին կերպարը, եւ իր ողնայարը կորսնցնող Նէյմարին ցաւը, որուն հասցէին վերջին ափսոսանք մը.
Մեղք եղաւ 20 տարեկան երիտասարդ մարզիկին…
7 յուլիս 2014

