Հաղորդագրութիւն. 11 Լիբանանահայ Պատանի-Պարմանուհիներ Իրենց Մասնակցութիւնը Կը Բերեն Խալքիտիքիի Ճամբարին
Երեքշաբթի, 8 յուլիս 2014-ին, Լիբանանէն 11 պատանիներ, պարմանուհիներ եւ օգնական մը մեկնեցան Յունաստան` մասնակցելու համար ՀՕՄ-ի պատանիներու փոխանակման ծրագիրին: Խալքիտիքիի ճամբարին բազմիցս մասնակցութիւն ունեցած են Լիբանանէն պատանի-պարմանուհիներ:
Երեք շաբաթներու ընթացքին զանազան գաղութներէ հայ պատանի-պարմանուհիներ պիտի մէկտեղուին ՀՕՄ-ի հովանիին ներքեւ եւ միասնաբար հաճելի ժամեր անցընեն:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը ոչ մէկ ճիգ խնայեց ՀՕՄ-ի կազմակերպած ճամբարին մասնակցելու համար:
Ճամբարին մասնակիցները արդէն իսկ ապահով հասած են բանակավայր:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը միշտ զօրավիգ է նման ծրագիրներու իրագործման եւ յաջողութեան:
CATEGORIES Գաղութային

