Պոլսոյ Մէջ Շիիական Մզկիթ Մը Հրկիզուեցաւ

0807IstanbulՊոլսոյ Էսենեուրթ շրջանին մէջ գտնուող շիի Ժաաֆարականներու պատկանող մզկիթ մը երէկ յարձակումի ենթարկուեցաւ: Համայնքը անցեալ շաբաթ իրերայաջորդ սպառնալիքներ ստացած էր:

Մուհամատիյէ մզկիթին մէջ հրդեհը ծագեցաւ առաւօտեան շուրջ ժամը երկուքին եւ նկատառելի նիւթական վնասներ պատճառեց:

Ըստ «Ճէյհան» լրատու գործակալութեան, անծանօթ անձեր աստիճաններ օգտագործելով մուտք գործած են մզկիթ եւ զայն կրակի տուած: Ապա անոնք փախուստ տալէ առաջ կրակ բացած են քարոզիչին ամպիոնին վրայ:

Ըստ մզկիթի իմամին, հրդեհը սկիզբ առած է իր գրասենեակին մէջ, ապա տարածուած շէնքին մէջ: «Շաբաթ մը առաջ անոնք եկան եւ ինծի սպառնացին: Ոստիկանութեան գանգատ ներկայացուցի», ըսաւ իմամ Համզա Այտըն:

«Անոնք ինծի ըսին. «Դուն մեզմէ չես: Արժանի չես ապրելու: Դուն քարեր կը պաշտես: Դուն շիի ես: Քեզ պիտի հրկիզենք»` աւելցնելով, որ ոստիկանութիւնը իր գանգատէն ետք միջոցառումներ չէ որդեգրած:

Share this Article
CATEGORIES