Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Առջեւ Պիտի Տեղադրուի Մահաթմա Կանտիի Արձանը
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանի շէնքին դիմաց պիտի տեղադրուի արձանը Հնդկաստանի պատմական ղեկավար Մահաթմա Կանտիի, որ պայքարած է Հնդկաստանի մէջ բրիտանական գաղութատիրութեան դէմ:
Այս մասին յայտարարած է Բրիտանիոյ նախարարաց խորհուրդը: Ժամանակին Կանտին կրթութիւն ստացած է Լոնտոնի մէջ: Իսկ այժմ ան պիտի յայտնուի խորհրդարանին մօտ` այնպիսի ղեկավարներու արձաններուն կողքին, ինչպիսիք են Ուինսթըն Չըրչիլի, Նելսըն Մանտելայի եւ Ապրահամ Լինքընի արձանները:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ եւ այլ պաշտօնատարներ Հնդկաստան կատարած իրենց այցելութեան ժամանակ յայտնած են, որ արձանի տեղադրումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուան սկիզբը:
CATEGORIES Միջազգային

