Քերրի Կը Զգուշացնէ Աֆղանիստանի Մէջ Ապօրինաբար Իշխանութեան Տիրանալու Որեւէ Փորձէ

Ճոն Քերրի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի զգուշացուց «Աֆղանիստանի մէջ ապօրինաբար իշխանութեան տիրանալու որեւէ փորձէ»` սպառնալով «երկրին ելեւմտական ու ապահովական օժանդակութիւնները դադրեցնել»:
Քերրի Փեքինի մէջ յայտնեց, որ «մեծ մտահոգութեամբ» տեղեկացած է Աֆղանիստանի մէջ ցոյցերու մասին: Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ աֆղանական ընտրական յանձնախումբերէն կը սպասեն համապարփակ եւ խորքային ստուգումներ կատարել ենթադրեալ ընտրակեղծիքներու մասին:
Ան աֆղան բոլոր ղեկավարներուն կոչ ուղղեց հանդարտ մնալու` վերջին տասնամեակի ընթացքին իրագործուած յառաջդիմութիւնը եւ աֆղան ժողովուրդի վստահութիւնը պահպանելու համար:
CATEGORIES Միջազգային

