Եւրոպական Միութիւնը Սպառնացած Է Ընդլայնել Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Երկրորդ Փուլը
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու մնայուն ներկայացուցիչները քննարկած են Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը եւ որոշած ընդլայնել Ռուսիոյ դէմ որդեգրուելիք պատժամիջոցները:
Եւրոպացի դիւանագէտ մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ վերոնշեալ հարցին շուրջ քննարկումը տեղի ունեցած է երկուշաբթի օր Պրիւքսէլի մէջ նիստի մը ընթացքին:
Գործակալութեան զրուցակիցը նշած է, որ արդէն չորեքշաբթի, 9 յուլիսին ներկայացուցիչները պիտի քննարկեն ցուցակը այն անձերուն, որոնց կրնայ արգիլուիլ Եւրոպական Միութիւն մուտքը եւ որոնց դրամատնային հաշիւները պիտի սառեցուին:
«Խօսքը միայն պատժամիջոցներու երկրորդ փուլի ընդլայնման մասին է: Կը կարծեմ, որ հիմնականին մէջ պիտի ըլլան անհատներ եւ ոչ թէ ընկերութիւններ», ըսած է դիւանագէտը: «Ինթըրֆաքս»-ի զրուցակիցը նաեւ նշած է, որ վերջնական որոշումը պիտի տան Եւրոպական Միութեան նախարարները:
Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու կարելիութեան մասին նախապէս յայտարարած էին Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները:

