Իրան Ամբողջովին Պատրաստ Է Ստորագրելու Հիւլէական Ծրագիրի Շուրջ Համաձայնագիրը
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սանայէի յայտնած է, որ իրանեան կողմը պատրաստ է ամբողջութեամբ ստորագրելու երկրի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրը:
«Յոյսով ենք, որ մինչեւ 20 յուլիս այդպիսի արդիւնք կ՛ունենանք: Իրան ամբողջովին պատրաստ է լուծելու բոլոր հարցերը եւ ստորագրելու համաձայնագիրը: Կը կարծեմ, որ այս անգամ Վեցեակին վրայ արդէն մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է: Պատժամիջոցները, որոնք հաստատուած են, սկիզբէն իսկ անարդարացի եղած են», նշած է դեսպանը:
Բանակցութեանց մասնակիցները յոյս ունին մինչեւ 20 յուլիսը աւարտելու հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու եզրափակիչ փուլը:
CATEGORIES Միջազգային

