Իշխանութեան Երեք Պետեր Եւ Երկու Նախարարներ` Սպանութեան Թիրա՞խ

«Լիուա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կան դաւադրական ծրագիրներ, որոնք կը գործադրուին ոչ լիբանանցի անհատներու կողմէ եւ կը միտին խախտել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ վերոնշեալ ծրագիրներն են Պէյրութի արուարձաններուն եւ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ պայթումներ գործել եւ շարք մը սպանութիւններ կատարել` երկրին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու միտումով:

Ապահովական կարգ մը աղբիւրներ հաստատեցին նաեւ, որ սպանութեան թիրախ եղող անձնաւորութիւններն են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի:

Վերոնշեալ անձնաւորութիւններէն պահանջուած է ծայր աստիճան զգուշ ըլլալ իրենց փոխադրութեան ընթացքին: Այս շրջագիծին մէջ, ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած են նաեւ միջոցառումներ, որոնց հիման վրայ երկրին ապահովական կայունութիւնը կ՛ամրապնդուի:

Խորհրդարանի նախագահին ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար անհրաժեշտ ապահովական միջոցառումները արդէն իսկ որդեգրուած են, եւ Պըրրի իր տեղափոխութիւններուն  իմաստով բաւական զգուշ է:

Ապահովութեան ուժերը վարչապետ Սալամին նաեւ խորհուրդ տուին մնալու վարչապետարանին մէջ եւ թեթեւցնելու վարչապետարանէն իր բնակարանը` Մուսայթպէ փոխադրութիւնները:

Միւս կողմէ, Սինիորա, Մաշնուք եւ Ռիֆի իրենց անձնական ապահովութեան ուժերը ամրապնդած են եւ կը զգուշանան այս հանգրուանին պաշտօնական իֆթարներու ներկայ գտնուելէ:

 

Share this Article
CATEGORIES