Մուսթաքպալ Պլոք. «Մարտ 8-Ի Քաղաքական Ուժերը Ժողովուրդին Եւ Պատմութեան Առջեւ Պատասխանատու Են Նախագահական Աթոռին Թափուր Մնալուն»

0807mustaqbalՆախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին:

Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ:

Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն յայտարարելու նախագահական ընտրութեան իր պաշտօնական թեկնածուն, որուն շուրջ կարելի է համախոհութիւն գոյացնել` աւելցնելով, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ժողովուրդին եւ պատմութեան առջեւ պատասխանատու են նախագահական աթոռին թափուր մնալուն:

Մուսթաքպալ հոսանքը խստիւ քննադատեց Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրին շրջագիծին մէջ ապահովութեան ուժերուն «չափազանցութիւններ»-ը` զինեալ երիտասարդները չարչարանքի ենթարկելու առումով:

Մուսթաքպալ դատապարտեց նաեւ քաղաքացիներուն դէմ ռամատանի ընթացքին ուտելու եւ խմելու պատճառաբանութեամբ կատարուած յարձակումներն ու խոշտանգումները:

Share this Article
CATEGORIES