Ասիրի. «Լիբանան Կարիքը Ունի Հանրապետութեան Նախագահի Մը»

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի արագ միջոցառումներու, հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութեան, ինչպէս նաեւ բոլորին պաշտպանութեան:

Ասիրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող այսօրուան պայմանները եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գոյութիւնը տարօրինակ են` աւելցնելով, որ ինք կը նախատեսէ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ սէուտական դեսպանատունը եւս ահաբեկչութեան թիրախ դառնայ:

Նախագահական աթոռին թափուր մնալուն պարագային Ասիրի ըսաւ, որ այդ հարցը զուտ լիբանանեան է եւ քրիստոնէական, «իսկ Սէուտական Արաբիա ներքին լիբանանեան հարցերուն միջամուխ չի դառնար», ըսաւ ան:

Ասիրի շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զօրակցութեան առումով Ռիատի ուղղուած ամբաստանութիւնները անարդար են:

Ան ընդգծեց, որ նման ահաբեկչութիւններու դիմադրելու համար կարիքը կայ հաւաքական ջանքի եւ կամքի: «Շրջանին բաժանումը լուծում չէ, այլ` անիկա շրջանը կը տկարացնէ: Իսկ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով պիտի մերժէ բաժանումը` պայքարելով ահաբեկչութեան դէմ», շեշտեց ան:

Share this Article
CATEGORIES