Այն Հելուէի Մէջ Պաղեստինեան Ապահովական Ուժերու Վերադասաւորում
Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ պաղեստինեան ապահովական ուժերու վերադասաւորում:
Պաղեստինեան միացեալ ապահովութեան ուժերու անդամ 150 զինեալներ` հրամանատարութեամբ Խալետ Շայեպի, վերադասաւորեցին իրենց դիրքերը գաղթակայանին մէջ:
Շայեպ յայտնեց, որ Պաղեստինեան միացեալ ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնն է հսկել գաղթակայանին ապահովութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական աշխատանքը համադրել լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հետ:
Շայեպ ընդգծեց, որ պաղեստինցիները չեն փափաքիր Նահր Պարետի դէպքերը դարձեալ կրկնել: Ան ըսաւ, որ պաղեստինցիներուն միակ պայքարը Պաղեստինի ազատագրումն ու տունդարձն է:
CATEGORIES Լիբանանեան

