Ֆլեչըր Մաշնուքին Կը Խոստանայ Օժանդակել Ապահովութեան Ուժերուն

Մաշնուք եւ Ֆլեչըր

Մաշնուք եւ Ֆլեչըր

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր ողջունեց լիբանանեան ապահովական բոլոր ուժերուն ջանքերը` դիմադրելու համար ապահովական սպառնալիքներուն:

Ֆլեչըր դրուատեց ապահովութեան ուժերուն քաջութիւնն ու արհեստավարժութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դէմ ներկայ սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները:

«Մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք զօրակցելու համար այս ուժերուն, որպէսզի գործադրեն իրենց պարտականութիւնը», ըսաւ ան:

Ներքին գործոց նախարարին այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Ֆարհաթ, որ յայտնեց, թէ Մաշնուքի հետ քննարկած է Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական աթոռին թափուր մնալը:

Ներքին գործոց նախարարութեան այցելուներէն եղաւ նաեւ Մարտ 14-ի ընդհանուր քարտուղարութեան աշխատանքներու համակարգող Ֆարես Սուէյտ:

Share this Article
CATEGORIES