Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Զօր. Աունի Նախաձեռնութիւնը Յաւելեալ Խոհեմութեամբ Սերտելու
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումի անդամ Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանադրութեան 24-րդ յօդուածին համաձայն պէտք է ընտրել նոր խորհրդարան մը, որուն անդամներուն թիւը հաւասարապէս բաժնուած է իսլամ եւ քրիստոնեայ երեսփոխաններուն միջեւ:
Ժրայսաթի նշեց, որ զօր. Աունի առաջադրած նախաձեռնութեան նկատմամբ արձանագրուած հակազդեցութիւնները անխոհեմ էին, շատ արագ կատարուած եւ անձնական դիտանկիւնի վրայ հիմնուած:
«Պահանջուածը այն է, որ զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը յաւելեալ խոհեմութեամբ սերտուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ զօր. Աուն այդ նախաձեռնութեան ընդմէջէն խուսանաւումներ կ՛ուզէ կատարել, կը սխալին:
Ժրայսաթի շեշտեց, որ ժողովուրդը գերիշխանութեան տէրն է եւ իշխանութիւններուն աղբիւրը, իսկ հանրապետութեան նախագահը երկրին միասնականութեան խորհրդանիշն է:
Ան նշեց, որ համախմբումը հաւանութիւն տուած է ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի տեսակէտներուն եւ նախարարութեան աշխատանքները օրինականութեամբ կատարելու տեսակէտին:
Նշենք, որ զօր. Աուն երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` Լիբանանեան համալսարանի թղթածրարին առումով յաւելեալ գործակցութիւն ապահովելու նպատակով:

