Պըրրի Ընդունեց Շեհայէպն Ու Խազենը

Շեհայէպ եւ Պըրրի

Շեհայէպ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ շեշտեց, որ այսօրուան հիմնական մտահոգութիւնը հաստատութիւններուն պահպանումն է, խորհրդարանի եւ կառավարութեան աշխատանքներուն աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ ամէնէն մօտիկ ապագային հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Շեհայէպ շեշտեց, որ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մնայուն կերպով կը շեշտեն բանակին եւ ապահովական ուժերուն նկատմամբ զօրակցութիւնը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն, որ յայտնեց, թէ Պըրրիի կարծիքով, ծայրայեղական մօտեցումները Լիբանանի մէջ տեղ չունին, որովհետեւ լիբանանեան բոլոր կողմերն ու Լիբանանը կազմող բոլոր շերտերը մերժած են եւ դատապարտած ծայրայեղական կոչերը, որոնք կրօնի դէմ են:

Խազեն յայտնեց, որ Պըրրի անհրաժեշտ նկատած է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատած սահմանադրական հոլովոյթները ամբողջացնելու կարեւորութիւնը:

Պըրրի նշած է, որ ինք զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւններուն նկատմամբ խոր յարգանք ունի, որովհետեւ այդ հաստատութիւնները ցոյց տուած են, թէ անոնք բարձր կարողութիւններու եւ մակարդակներու վրայ կը գտնուին ու կրցած են հեռացնել պայթումներուն եւ ահաբեկչական ցանցերուն ուրուականը:

Խազեն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը համակարծիք են:

Նշենք, որ Պըրրի նամակ մը ստացաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիէն:

Share this Article
CATEGORIES