Պաղտատի Կը Սպառնայ Ռումիէի Բանտին Դէմ Մաքրագործումի Ընդարձակ Գործողութիւն Մը Կատարել

Ապու Պաքր Պաղտատի

Ապու Պաքր Պաղտատի

Իսլամական ծայրայեղականներուն կողմէ իսլամական բանտարկեալներու ազատ արձակումը պահանջելու արշաւին շրջագիծին մէջ, երէկ «Այշա» լրատուական կեդրոնին կողմէ հրապարակուեցաւ վիտէօ մը, որուն մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումի յայտարարած Իսլամական պետութեան ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի անդրադարձաւ իսլամ արգելափակեալները ազատ արձակելու նոր հանգրուանի մը:

Ապու Պաքր Պաղտատի սպառնաց բանտապահներուն` զանոնք կոչելով դահիճներ եւ խոստացաւ սպաննել զանոնք:

Պաղտատի սպառնաց Ռումիէի բանտին դէմ մաքրագործումի ընդարձակ գործողութիւն մը կատարել:

Նոյն վիտէոյին աւարտին ցուցադրուեցան Ռումիէի մէջ գտնուող իսլամական բանտարկեալներ, որոնք բանտին «Պէ.» մասնաշէնքին մէջ կը գտնուէին: Անոնց շարքին էին Ապու Օմար Սելիմ Թահան, ինչպէս նաեւ սուրիացի-պաղեստինցի Մոհամետ Զաուաուին, որուն դէմ ամիս մը առաջ մահապատիժի վճիռ արձակուեցաւ` Նահր Պարետի դէպքերուն կապակցաբար:

Նշենք, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերը Ռումիէի շրջակայքը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին` նկատի ունենալով այն տեղեկութիւնները, թէ ահաբեկչական խմբաւորումներ Ռումիէի դէմ ահաբեկչական հսկայ գործողութիւն մը կը ծրագրեն` փախցնելու համար իսլամական բանտարկեալները:

Share this Article
CATEGORIES