Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Հռետորաբանութիւնը Չի Նպաստեր Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` պատասխանելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակահայկական հռետորաբանութեան վերաբերեալ Հայաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանի հարցումին, ըսած է, որ անիկա չի նպաստեր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:
«Մեկնելով անկէ, որ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, որմէ ալ որ կը հնչէ, չի նպաստեր տագնապի խաղաղ լուծման, այլ ընդհակառակն` կը բարդացնէ լուծումը: Ատիկա համանախագահ երկիրներու ընդհանուր դիրքորոշումն է:
«Այս կապակցութեամբ կը յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Լիւսերնի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներու կատարած միացեալ յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ուղղուի կողմերու ղեկավարներուն` ժողովուրդները պատրաստելու խաղաղութեան, եւ ոչ թէ պատերազմի, եւ ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան շրջանին մէջ լարուածութիւնը բարձրացնել եւ յանգեցնել տագնապի սրման:
«Կ՛ենթադրենք, որ նման մօտեցումը պիտի գերակայէ: Այս կապակցութեամբ լիայոյս ենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ պիտի շարունակուի ուղղակի երկխօսութիւնը, ինչպէս անոնք համաձայնած էին անցեալ տարեվերջին Վիեննայի մէջ», ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ:

